Մեր աղօթքներուն մէջ յաճախ «Յիսուս Քրիստոս Որդի Աստուծոյ» կ’ըսենք։ Եկէ՛ք անդրադառնանք այս նախադասութեան իմաստին։
«Յիսուս» անունը Եբրայերէն ծագում ունի եւ կը նշանակէ «Տէրը կը փրկէ»։ Այս անունը ինքնին կը յայտնէ Քրիստոսի փրկագործական առաքելութիւնը, զոր քրիստոնէական եկեղեցին խտացուցած է մէկ՝ «Փրկիչ» բառով։
Ուրեմն երբ Յիսուս կ’ըսենք, կը յիշենք ու կը յիշեցնեք որ Յիսուս փրկող Տէր է։ Ան է, որ մեզ կ’ազատէ մեղքի եւ չարի կապանքներէն։ Եւ այս հաւատքը, Քրիստոնէական հաւատքին կորիզը կը կազմէ՝ «Յիսուս» իր անձը մեր փոխարէն տուաւ իբրեւ փրկագին, որպէսզի մեզ ազատէ մեղքի ծառայութենէն ու փրկէ, ինչպէս որ ըսաւ վերջին ընթրիքին ընթացքին. «բոլորդ խմեցէք ասկէ. Ասիկա իմ արիւնս է, որով Աստուծոյ հետ նոր ուխտ կը կնքուի եւ որ շատերու համար կը թափուի՝ իրենց մեղքերու թողութեան համար» (Մտ 26։28). Կարելի է նաեւ տեսնել հետեւեալ համարները (Մտ 20։28):
«Քրիստոս»ը անուն չէ, այլ՝ տիտղոս։ Այս բառը յունարէն է եւ կը նշանակէ «օծեալ» (Մեսիա). Հին Կտակարանին մէջ այս տիտղոսը կը տրուէր մարգարէներուն, քահանաներուն եւ թագաւորներուն, որոնք իւղով կ’օծուէին ցոյց տալու համար թէ Աստուծմէ ընտրուած անհատներ էին, ցոյց տալու համար թէ տարբեր էին սովորական ժողովուրդէն Աստուծոյ ծրագրին մէջ իրենց ունեցած առաքելութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ, սուրբ իւղով օծումը կը խորհրդանշէր որ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը, որ կը սրբէր ու կը զօրացնէր օծեալ անհատը։ Օրինակ, Ա. Թագաւորաց գիրքին մէջ կը կարդանք. «եւ Տիրոջ Հոգին զօրութեամբ իջաւ Դաւիթին վրայ, երբ օծուեցաւ» (Ա. Թագ 16։13)։
Յիսուս «օծեալ» կը կոչուի, որովհետեւ՝
- իր մարդկային յղութեան պահէն իսկ Սուրբ Հոգիով լեցուցեաւ (Մտ 1։18, Ղկ 1։35)։
- Սուրբ Հոգիով աճեցաւ ու զօրացաւ (Ղկ 1։80)։
- Անով առաջնորդուեցաւ (Մտ 4։1)։
Իր երկրաւոր ամբողջ առաքելութեան ընթացքին Յիսուս Աստուծոյ Հոգին ունէր։ Յովհաննէս Մկրտիչ ալ վկայելով Յիսուսի մասին կ’ըսէ. «Ան որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած է՝ Աստուծոյ խօսքերը կը քարոզէ, որովհետեւ Աստուած իր Հոգին ամբողջապէս անոր տուած է» (Յհ 3։34)։
Այս բոլորը կը վկայեն, որ Որդին «օծեալ» է՝ անբաժան Հօրմէն ու Հոգիէն։
«Որդի Աստուծոյ» կոչումը, կու գայ Նոր Կտակարանէն։ Օրինակ կը կարդանք. «Ասիկա Է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ» (Մտ 3։16)։ Այլ մէջբերումներու համար կարելի է տեսնել Ղկ 1։35, Հռ 1։4, Ա. Յհ 5։5։
Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ Յիսուսի որդիութիւնը երբ Աւետարանը մեզ ալ Աստուծոյ որդիներ կը կոչէ (Բ. Կր 6։18)։
Քրիստոսի որդիութիւնը պէտք չէ համեմատել մեր որդիութեան տրամաբանութեան հետ։ Մենք Աստուծոյ բնութենէն չենք, եւ Աստուծոյ որդի կը դառնանք Աստուծոյ բացառիկ շնորհքին պատճառով՝ որդեգրութեամբ։ Սակայն Յիսուս Աստուծոյ որդեգիրը չէ, այլ Հօր հարազատ Որդին, նոյն էութենէն ծնած, անժամանակ կերպով։ Աւետարանը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս Հօր Աստուծոյ Միակ ծնունդն է, եւ ծնած է Հօր բնութենէն։ Եզակի ծնունդ է, Հօր միա՛կ ծնունդը։ Անոր համար Աստուածաշունչը զայն «Միածին» կամ «Միածին Որդի» կը կոչէ (Յհ 1.14, 3։16)։
Յիսուս Աստուծոյ միակ ծնունդն է, Որդին է, եւ Հօրը Էութենէն է՝ այսինքն Հօրը հետ մէկ է եւ նոյն է (Յհ 10։30), եւ իր մէջ ունի «աստուածային բնութեան ամբողջ լիութիւնը» (Կղ 2։9), կը նշանակէ թէ կատարեալ Աստուած է։
Նաեւ, Քրիստոս Աստուծոյ որդի է յարաբերաբար մեզի՝ որպէսզի մենք ալ Աստուծոյ որդի ըլլանք, որդեգրութեան ճամբով։ Քրիստոս ծնաւ, եւ ամէն ինչով մեզի պէս եղաւ՝ բացի մեղաւորութենէն (Եբր 4։15), որպէսզի մեր եղբայրը դառնայ (Եբր 2։11) եւ Աստուծոյ ընտանիքին մէջ առնէ մեզ, ինքը «բազմաթիւ եղբայրներու մէջ անդրանիկը ըլլալով» (Հռ 8.29)։
Ուրեմն, երբ Յիսուս իբրեւ մեր Տէրը եւ Փրկիչը կ’ընդունինք, մենք այլեւս մինակ չենք։ Մենք դարձած ենք Աստուծոյ ընտանիքին զաւակները, Քրիստոսի եղբայրները, եւ մեր Հօր հարստութեան ժառանգորդները, այսինքն երկինքի արքայութեան ժառանգորդները։
Այս կոչումը միայն պատիւ չէ, այլ նաեւ պատասխանատուութիւն է հաւատալու, սիրելու, ներելու, ծառայելու եւ սուրբ կեանք ապրելու։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան