Շաբաթ, 24 Մայիս 2025-ին, Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ վարժարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ կեդրոնի ընդարձակման (ACC Beyond) հիմնարկէքի արարողութիւն եւ հողօրհնէք։
Արարողութիւնը կը վայելէր ներկայութիւնը Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին՝ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտըմեանն ու հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ Միքայէլեանը, ինչպէս նաեւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ Պարոն Յարութ Գասապեանն ու Պարոն Նազար Չաթալեանը։
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ՝ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Զոհրապ Սարգիսեանը։
Աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բարձր գնահատելով հիմնադիր սերունդը, որոնք անցեալին արիութեամբ եւ ապագայի հանդէպ ունեցած տեսլականով, կրցան էին հիմնաքարը դնել նման կեդրոնի մը, որ ներկայիս պիտի ընդարձակուի ու պիտի ծաղկի։ Սրբազան Հայրը հիմնադիր սերունդի ննջեցեալներուն հոգիներուն խաղաղութիւն մաղթեց, իսկ գործող եւ ծառայող մարդկանց, որոնք նեցուկ են ներկայ նորահաս երիտասարդութեան` ուժ, կորով եւ առողջութիւն։ Ան գերգնահատեց նորահաս սերունդը, որոնք նոյն թափով, նուիրումով, ծառայութեամբ եւ ոգիով կը շարունակեն անցեալի սերունդին աշխատանքը եւ հիացմունքի ու գովասանքի խօսքեր ուղեց շինարարական եւ հանգանակային մասնագիտական զոյգ յանձնախումբերուն, որոնք որպէս հարազատ որդիներ այս կեդրոնին, եկած են օժանդակելու այս նուիրական աշխատանքին։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն եւ բարերարներուն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին, իրենց նիւթական աջակցութիւնը բերելով մաս կազմելու այս հայապահպանման ծրագրին։
Աւարտին, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, բեմ հրաւիրուեցան հոգեւոր հայրերը, ուր տեղի ունեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնն ու հողօրհնէքը։
ԴԻՒԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ