Աստուծոյ ստեղծագործութեան մէջ՝ մենք իւրայատուկ տեղ ունեցած ենք. Կ’ըսենք, մարդը Աստուծոյ ստեղծագործութեան պսակը՝ թագն է։
Ստեղծագործութեան մէջ միակն էր մարդը, որուն Աստուած ստեղծագործելու, մտածելու, սիրել եւ ծառայելու կարողութիւնը տուաւ։ Աստուած մարդուն զանազան պարգեւներով ու ձիրքերով օժտեց զորս միւս ստեղծուածները չունեցան։
Ընդհանուրէն մասնաւորին գալով, Աստուած իւրաքանչիւրիս իւրայատուկ տաղանդ մը եւ առաքելութիւն մը շնորհեց. Քու ունեցածներդ ընկերդ չունի, ոչ ալ եղբօրդ ունեցած շնորհքը՝ դուն։ Եւ աւետարանը կը մատնանշէ, թէ մենք կոչուած ենք հարստացնել, զարգացնել եւ արժեւորել մեզի տրուած այդ շնորհքները։
Բայց միաժամանակ, մեր մէջ սահմանափակումներ, տկարութիւններ եւ կարիքներ դրաւ Աստուած։ Այս իրականութիւնը սակայն, թերացում չէ, այլ՝ աստուածային խորիմաստ դասաւորում, որպէսզի մեր թերութիւններն ու կարիքները մեզ իրար կապող օղակները դառնան։ Այս է Աստուծոյ ուզածը, որ մարդիկ իրարմէ կախեալ ապրին սիրով, համերաշխութեամբ եւ եղբայրութեամբ։
Եթէ իւրաքանչիւր մարդ գործածէ իր պարգեւները ի շահ միւսին, շատ մը նեղութիւններ կը մեղմանան, պակասութիւններ կը լրացուին եւ խոչընդոտներ կը վերանան։ Ոչ ոք ինքնաբաւ է։ բոլորս պէտք ունինք ուրիշէն բան մը ստանալու եւ բան մը տալու, գոհանալու եւ գոհացնելու, օգնելու եւ օգնութիւն ընդունելու, սորվեցնելու եւ սորվելու։
Աստուծոյ ստեղծած աշխարհին մէջ այս փոխլրացնող սկզբունքը ամէնուր նկատելի է, նոյնիսկ եկեղեցւոյ մէջ։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոսի հաստատած եկեղեցւոյ մասին խօսլով կ’ըսէ, զանազան անդամներով մէկ ամբողջութիւն էք (Ա. Կր 12.12)։ Եկեղեցւոյ մէջ ալ ինքնաբաւ մէկը չկայ. Մէկու պարգեւուած է ուսուցանել, միւսին առաջնորդել, ուրիշին մխիթարել, ուրիշին նոյնիսկ մաքրել։ Եկեղեցւոյ մէջ նորահասներ կան, որոնց ուղղութիւն տուողներ կան, կան տկարներ, որոնք խրախուսանք կը ստանան, կան աղօթողներ որոնց աղօթքները հոգի եւ մարմին կը բժշկեն եւ Աստուած անդամներէն իւրաքանչիւրը դրաւ մարմինին մէջ, այնպէս՝ ինչպէս ինք կամեցաւ: (Ա. Կր 12.18)
Այս բոլորին մէջ կ’երեւի մեր փոխադարձ պատասխանատուութիւնը։ Աստուած մեզ պարգեւներով չզարդարեց որպէսզի միայն մեր օգտին ծառայեն։ Իւրաքանչիւր ձիրք պատասխանատուութիւն է։ Ով որ գիտութիւն ունի՝ թող ուսուցանէ, ով որ հարստութիւն՝ թող բաժնէ, ով որ հաւատք՝ թող քարոզէ, ով որ կ’երգէ թող խաղաղութիւն բերէ իր ձայնով։
Դրամը շահարկելու մասին Յիսուսի պատմած առակը մեր ըսածին լոյս սփռող պատկեր մըն է։ Քրիստոս կը պատմէ թէ մարդ մը նախքան ուրիշ երկիր ճամբորդելը կը կանչէ իր ծառաները եւ անոնց դրամ կը յանձնէ պատուիրելով շահարկել իրենց տրուածները։ Վերադարձին, կը տեսնէ որ առաջին երկու ծառաները գործադրած են թելադրութիւնը, իսկ երրորդը՝ ոչ։ Տէրը, անոր չար ու ծոյլ ծառայ կը կոչէ (Մտ 25.14-30)։
Աստուած մեզի ալ շահարկելու շնորհքներ տուած է։ Նոյնիսկ մեր ամենափոքր ձիրքը՝ պատասխանատուութիւն է։ Աստուած ոչ միայն կը սպասէ օգտագործենք զանոնք, այլեւ՝ յօգուտ այլոց գործածենք։
Եկէք սորվինք գնահատել այն պարգեւները, զոր Աստուած մեզի տուած է։ Չհամեմատենք մեր տաղանդները ուրիշներուն հետ, այլ՝ գործածենք մեզի տրուած պարգեւները Աստուծոյ ուզածին պէս։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան