ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ՝ ԱՐԻՍ ՄՈՎՍԷՍԵԱՆԻ

Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2025-ին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, ընկերակցութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի, զօրակցական այցելութիւն տուին ՍՔԱՐՊՈՐՕ- ԷՅՃԻՆՔՈՐԹ շրջանի դաշնակցային թեկնածու՝ հայազգի զաւակ ԱՐԻՍ ՄՈՎՍԷՍԵԱՆԻ ընտրարշաւի կեդրոնը:

Հայր Սուրբը, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ համայնքի զաւակներուն, յաջողութեան լաւագոյն բարեմաղթութիւններ փոխանցեց եւ աղօթք կատարեց: