Ուրբաթ 30 Մայիս 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Զարեհ Ազնաւորեան» դպրաց դասի տարեկան ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ:
Ժողովին Նախագահեց եւ բացման աղօթք կատարեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան: Ժողովին Ատենապետութիւնը ստանձնեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, իսկ Ատենադպիր ընտրուեցաւ Դպ. Լուսի Մալաքեան:
Ժողովականները ունկդրելէ ետք շրջանաւարտ վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ Դպրապետի կողմէ ներկայացուած զեկոյցը յատուկ գնահատանք արձանագրեցին:
Ժողովի աւարտին, փակ քուէարկութեամբ վարչական ընտրուեցան՝ Թալին Մահսէրէճեան, Նշան Փափազեան, Մակի Արզուեան, Հռութ Սիմոնեան, Սեդա Աթանոսեան, Մարիա Տաուտեան եւ Մելքոն Քարկոցեան: Գերպատիւ Հայր Սուրբի գնահատանքի խօսքով եւ աղօթքով ժողովը վերջ գտաւ: