ԵՐԿՐՈՐԴ  ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Ս. Յարութեան տօնին  եօթներորդ Կիրակին ծանօթ է Երկրորդ  Ծաղկազարդ անունով: Այդպէս կոչուած է երկու պատճառներով.

ա- Հայ  Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն Յինանց օրերուն կը կարդացուին չորս աւետարանները լրիւ: Կարգը այնպէս մը դասաւորուած է, որ այս Կիրակիին կը հանդիպին Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին աւետարանական  ընթերցուածները:

բ- Ազգային աւանդութեան համաձայն, Համբարձման չորրորդ օրը կը զուգադիպի Յիսուսի յաղթական մուտքը վերին Երուսաղէմ: Ըստ այդ աւանդութեան, մեր հաւատքի հայրը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, իր Խոր Վիրապ բանտարկութեան ընթացքին կը վայելէ այցելութիւնը երկնային հրեշտակի մը, որ կը սրտապնդէ զինք իր անյոյս վիճակին մէջ, բանտին խաւար մթնոլորտը լուսաւորելու:

Կը պատահի որ Համբարձման չորրորդ օրը հրեշտակը կը բացակայի: Յաջորդ օրը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը հարցնէ պատճառը: Հրեշտակը կը պատասխանէ՝ թէ ամէն տարի  Քրիստոսի երկինք յաղթական վերադարձը փառաւորելու համար, ինը օրեր շարունակ հանդէսներ կը սարքուին հրեշտակներու ինը դասակարգերուն կողմէ: Յիշեալ հրեշտակը պատկանելով չորրորդ դասուն, պարտաւոր եղած է այդ օրը իր խումբին հետ ըլլալու, հանդիսադրելու համար  Յիսուսի երկինք մուտքի չորրորդ օրը:

«Ո՞վ է այս փառաւոր արքան:

Կարողութեամբ հզօր Տէրն է ան,

Տէրը, պատերազմի մէջ անխորտակելի:

Բացէ՛ք ձեր յաւիտենական դռները, 

Եւ փառքի արքան թող ներս մտնէ» (Սղ 23.8-9):

Հրեշտակները այս երկխօսութիւնը կը կատարեն, Սաղմոսներէն առնուած, երբ Քրիստոս կը համբառնայ վերին Երուսաղէմ: Այդ օրը երկնային զօրքերուն համար ցնծութեան տօն կը հռչակուի, որ կը կոչուի նաեւ (Երկրորդ Ծաղկազարդ»:

Առաջին Ծաղկազարդով կը յիշատակուի Տիրոջ մուտքը դէպի երկրային Երուսաղէմ, իսկ երկրորդ Ծաղկազարդով կը յիշատակուի Տիրոջ մուտքը դէպի վերին Երուսաղէմ: Առաջին Ծաղկազարդին Յիսուս կը փառաւորուի որպէս Դաւիթի Որդի, իսկ երկրորդ Ծաղկազարդին՝ որպէս Աստուծոյ Որդին:

Երկրորդ  Ծաղկազարդի տօնախմբութիւնը սահմանած է Ս. Ներսէս Շնորհալի  Հայրապետին եղբայրը՝ Գրիգոր Վկայասէր  Կաթողիկոս:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան