ԵՐԿՐՈՐԴ  ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Յովհաննէս Առաքեալի Նամակէն.(Ա.Յհ.5.13-21)

Աստուած մեր խնդրանքները կը լսէ.

Ասիկայ գրեցի ձեզի, Աստուծոյ Որդիին հաւատացողներուդ, որպէսզի գիտակցիք՝ թէ յաւիտենական կեանք ունիք:

Ուստի համարձակ կերպով կը դիմենք Աստուծոյ, այն վստահութեամբ՝ որ երբ իր կամքին համաձայն բան մը խնդրենք՝ կը լսէ մեզ: Եւ երբ գիտենք թէ մեր խնդրանքները կը լսէ, գիտենք նաեւ՝ թէ պիտի ստանանք ինչ որ կը խնդրենք իրմէ:

Երբ մէկը տեսնէ, թէ իր հաւատացեալ եղբայրներէն մէկը գործեց մեղք մը, որ մահկանացու չէ, թող աղօթէ՛ Աստուծոյ՝ որ կեանք տայ անոր: Ասիկա կ’ըսեմ միայն անոնց համար, որոնց մեղքերը մահացու չեն, որովհետեւ մահացու մեղքեր ալ կան, որոնց համար չեմ ըսեր որ աղօթէ: Ամէն իրականութիւն մեղք է, բայց ամէն մեղք մահացու չէ:

Եզրակացութիւն.

Գիտենք, թէ ով որ Աստուծմէ ծնած է՝ չի մեղանչեր, այլ Աստուծոյ ծնունդը՝ Քրիստոս կը պահպանէ զայն եւ Չարը անոր չի մօտենար: Թէպէտ ամբողջ աշխարհը Չարին ենթակայ ըլլայ, մենք գիտենք թէ Աստուծմէ ենք: Եւ գիտենք՝ թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու բացաւ մեր միտքերը, որպէսզի ճանչնանք ճշմարիտ Աստուածը: Մենք միացած ենք ճշմարիտ Աստուծոյ եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի: Ա՛ն է ճշմարիտ Աստուածը եւ յաւիտենական կեանքը:

Որդեակնե՛ր, դուք ձեզ կուռքերէ հեռո՛ւ պահեցէք:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան