ԵՐԷՑՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳՐԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

Կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութեան, Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Երէցներու Ծրագրին եւ Թորոնթոյի Ոստիկանութեան Ոճրագործութեան Կանխարգիլման բաժանմունքին, Երեքշաբթի, 25 Փետր. 2025-ի կէսօրին, մօտ 50 հոգիի ներկայութեան, տեղի ունեցաւ յատուկ դասախօսութիւն-ներկայացում մը՝ «Երէցներու Խաբէութեանց Կանխարգիլման Միջոցներ» խորագրով, Ոճրագործութեան Կանխարգիլման Բաժանմունքի պատասխանատու՝ Ոստիկան Ճոէլ Ռոպըրթց-ի կողմէ։ Ան բացատրութիւններ տուաւ ներկաներուն, ապահովելու իրենց անձնական տեղեկութիւնները եւ փորձութեան պարագային ինչ միջոցներ կարելի է օգտագործէ անձը, դուրս գալու այդ վիճակէն: