Երեսուն Տարի՝ Հաւատքի, Տեսիլքի եւ Ծառայութեան Ուղի Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան Երեսուն Տարիներուն Առթիւ

2025 թուականը մասնաւորաբար Հայ Եկեղեցւոյ համար, որոյն առիթ մը դարձաւ. Առիթ մը, որ մեր՝ եկեղեցականներուս եւ հաւատացեալներուս խթան կը հանդիսանայ ամրապնդուելու հաւատքով ու նուիրումով՝ եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան սիրոյն։ Այս մէկը՝ որովհետեւ 2025 թուականը երախտագիտութեամբ մեզ կը տանի ետեւ՝ անցնող երեսուն «հասկ» դարցած տարիներուն, որուն ամէն մէկ հատիկ բարեշունչ շրջանի մը անսուտ վկան է, որ կը գովերգէ վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական գահակալութեան 30 տարիները։

Երբ կը խօսինք յոբելիար վեհափառ մասին, պէտք չէ միայն հայրապետին անցնող երեսուն տարիներու ծառայութիւնը դիտել, այլ հարկ է անոնց անանց ներկայութիւնը տեսնել ու շեշտել, այսօրուայ եւ ապագայ մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ Արամ Վեհափառին ոգեղէն տեսիլքը, հիւսուեցաւ շատերու հաւատքին, միտքին ու գործին։ Իր շունչով սերունդներ թրծուեցան, նկարագիրներ կռանուեցան, համոզումներ կռփուեցան, եկեղեցին նոր տեսիլք ու հոգեւոր շունչ առաւ, նոր զարթօնք ապրեցաւ, նոր ու միջազգային բեմբերու վրայ բարձրացաւ, հայ գիրն ու դպրութիւնը ծաղկեցաւ եւ ազգային պահանջատիրութեան ու արդարութեան ձայնը եղաւ աւելի հնչեղ եւ ներդաշնակ։

Այլ խօսքով՝ մեր եկեղեցին պերճացաւ, մեր ժողովուրդը՝ հաւատքով ու գիտակցութեամբ զօրացաւ։

Վեհափառ Հայրապետը, իր բազում շնորհքներն ու տարած բազմակողմանի առաքելութիւնները, ծառայեցուց մեր տարասփիւռ ժողովուրդին գոյերթը իր լուսապայծառ թիրախին առաջնորդելու։ Խօսքով, կենդանի գործով, ոգեշնչող եւ վարակիչ խիզախ իր Վեհ ներկայութեամբ, իբրեւ արժանաւոր ժառանգորդ եւ Կիլիկեան ուխտի առաքեալ, գործեց Իր անուան եւ կոչումին վայել՝ անկրկնելի խանդավառութեամբ, բացառիկ հաւատքով ու նուիրումով, շունչ ու կենսունակութիւն պարգեւելով մեր Սուրբ Աթոռին ու ժողովուրդին. բառին ազնուագոյն եւ ամբողջական առումով Վեհափառ Տէրը, եղաւ խորհդանիշը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթոիկոսութեան հայակերտ աւանդին։

Մեր՝ միաբանութեան եւ ժողովուրդին սրտին համար, իսկապէս տօն է Նորին Սրբութեան գահակալութեան 30-ամեակը։ Առիթ մըն է, որուն պատիւ թէեւ Վեհափառին է, բայց տօնախմբութիւնն ու ուրախութիւնը՝ բոլորիս. որովհետեւ Վեհաբփառը իր գահակալութեան 30 տարիներու խօսքերը՝ պարզ ու ճշմարիտ, լուսարձակ եղաւ մե՛ր բոլորին. Իր հոգեւոր հաւատարմութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը՝ անսպառ աղբիւր մե՛ր բոլորին. իր ներկայութիւնը՝ հաստատ ու խաղաղ, սփոփանք եւ վստահութիւն ներշնչող ամէն հայու սրտի. Իսկ իր գործը՝ լայնածաւալ ու արարող, դարձաւ շունչ, որ նորոգեց եկեղեցին մեր գգուելի եւ ազգը՝ պերճափայլ։

Այս առթիւ, արդար է ըսել, եթէ Սուրբ Մեսրոպը լեզու տուաւ մեր հաւատքին, Արամ Վեհափառը հոգի տուաւ մեր հաւատքին։ Վեհափառը, յաջողեցաւ հաւատքը դարձնել պատասխան ժամանակակից մարդուն հարցերուն, եւ եկեղեցական ծառայութիւնը՝ ապրուած վկայութիւն։ Մեսրոպով հայացած Աստուածը, Արամ Հայրապետով նորէն խօսեցաւ մեր ժողովուրդի սրտին, մեր երիտասարդութեան հոգիին եւ մեր հաւատքի նոր արշալոյսին մասին. Խօսեցաւ՝ իր եկեղեցւոյ տալով տեսիլք, միտք եւ խօսք։

Ուստի, աղօթափուխ կը մաղթեմ, որ Հայոց Հայրապետին երթը շարունակուի անվեհեր, միշտ դէպի լոյսը իր ուխտին. Ու ցորենի կանաչ արտին մէջ, իբրեւ առւոյտ ծաղիկը կապոյտ, գաղջ արեւին տակ խնդայ միշտ. եւ հոգին խմէ՛ գինին՝ կեանքի ու լոյսի, որպէսզի ոսկեղէն ճաճանչներով բոյներ հիւսէ նոր իր հաւատքի պարտէզին։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան