«Տէրը փնտռեցէք, զանիկա կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է» (Ես 55.6):
Եսայի մարգարէութենէն քաղուած վերոյիշեալ համարը, Աստուծոյ կողմէ տրուած ողորմելու խոստում մըն է:
Մարգարէն կը թելադրէ Տէրը փնտռել, քանի որ Ան մօտ է: Աստուծոյ ծրագիրը այն է, որ մարդը միշտ մօտ ըլլայ Աստուծոյ, սակայն մարդ իր ընթացքով միշտ հեռացած է Աստուծմէ, եւ այդ պատճառաւ բացթողում մը յառաջացած է մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ:
Արդարեւ, Տէրը ներկայ է ամէնուրեք, իսկ մեր պարտականութիւնն է զգալ Անոր ներկայութիւնը եւ ապրեցնել Զայն մեր կեանքէն ներս, ինչպէս սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Ասոր համար աստուածապաշտ ամէն մարդ աղօթքով պիտի դիմէ քեզի» (Սղ 32.6):
Տէրը կանչել կը նշանակէ աղօթել եւ խօսիլ Անոր հետ, իսկ աղօթելու ժամանակ խնդրեցէք, որ. «Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել» (Մտ 6.33): Որովհետեւ Ինք մեզմէ աւելի լաւ գիտէ թէ ի՛նչ բաներու կը կարօտինք, եւ աւելիով կը հոգայ մեր կարիքները: Իսկ մենք արարածներս պէտք է Աստուծմէ ողորմութիւն եւ արդարութիւն խնդրենք:
Բնականաբար, երբ սխալինք մեր նմանին հանդէպ, հոգեպէս կը խռովինք մինչեւ տուեալ անձէն ներում չստանանք մեր յանցանքներուն համար:
Երբ Աստուծմէ թողութիւն ստանանք, յաւիտենապէս կը ջնջէ մեր յանցանքները: Սակայն այդ ալ կախեալ է մեր անկեղծ խոստովանութենէն ու սրտանց զղջումէն: Չի՛ բաւեր միայն խոստովանիլ մեր յանցանքները, այլեւ՝ կը պահանջուի հաստատ որոշում մը կայացնել՝ խոստովանելով վճռակամօրէն բարեփոխութեան ենթարկել մեր ընթացքը: Սակայն երբ դրժենք մեր խոստումը, անհաւատարիմ գտնուած կ’ըլլանք Աստուծոյ առջեւ:
Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն գրած իր երկրորդ նամակին մէջ հաստատելով Աստուծոյ խոստումը, Եսայիի մարգարէութենէ մէջբերում մը կը կատարէ. «Երբ յարմար ժամանակը եկաւ՝ լսեցի քեզ, երբ փրկութեան օրը հասաւ՝ օգնեցի քեզի» (Բ.Կր 6.2):
Ուրեմն, առաքեալին խօսքին համաձայն՝ քանի հիմա է այդ յարմար ժամանակն ու փրկութեան օրը, չսպասենք եւ առանց ժամանակ վատնելու հաշտուինք Աստուծոյ հետ, խնդրելով Անոր ողորմութիւնը, որպէսզի մենք եւս Յիսուս Քրիստոսով հասնինք փրկութեան:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան