«Տիրոջը ողորմութիւնները, Տիրոջը գովութիւնները պիտի յիշեմ» (Ես 63.7):
Պատգամ մը, որ այժմէական է՝ բոլոր ժամանակներուն: Եսայի Մարգարէին «Կայծակնամաքուր մարգարէ» տիտղոսը տրուած է մեր Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերուն կողմէ:
Եսայի մարգարէ, Աստուածաշունչ Մատեանի մեծագոյն մարգարէն՝ որ բոլորէն աւելի մարգարէացած է Քրիստոսի մասին, այն աստիճան որ զինք «Նախաւետարանիչ» կամ «Աւետարանիչ մարգարէ» կոչած են: Օրինակ, ակնարկելով Քրիստոսի կ’ըսէ. «Ահա՛ կոյսը պիտի յղանա ու որդի պիտի ծնանի, եւ անոր անունը Էմանուէլ պիտի կոչուի», որ կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ» (Ես 7.14):
Յիսուս, Նազարէթի ժողովարանէն ներս կարդալով Եսայի 64.1-3 համարները, հաստատեց թէ անոնք Իրմով իրականացած էին:
Եսայի հեղինակաւոր մարգարէ մըն է, ան կը խօսի, կը պատգամէ Աստուծոյ Արքայութեան եւ Անոր կամքին ու փառքին մասին: Ինքն էր որ նաեւ տեսիլքով Աստուծոյ փառքը տեսաւ եւ լսեց սերովբէներուն, որոնք կ’երգէին.«Սո՛ւրբ, Սո՛ւրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը: Ամբողջ երկիրը անոր փառքով լեցուն է» (Ես 6.3):
«Տիրոջ ողորմութիւնը»
Խորհրդաւոր բառ մըն է ողորմութիւնը Սուրբ Գիրքին մէջ, կարօտեալին կամ չքաւորին օգնութիւն մը կատարելը միայն ողորմութիւն չէ: Այլ ողորմութիւն է՝ բարութիւնը, կարեկցութիւնը, քաղցրութիւնը, գութը, հաւատարմութիւնը, այլ խօսքով՝ աստուածային ստորոգելի մը, որով ո՛չ թէ մարդիկ իրարու կ’ողորմին, այլ Աստուած՝ մարդոց: Սաղմոսերգուն շատ պարզ ձեւով կ’ըսէ. «Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, քու կարեկցութեանդ համեմատ, ջնջէ՛ իմ յանցանքներս՝ քու առատ գթութեանդ համեմատ» (Սղ 51.1): Եսայի եւ Դաւիթ մարգարէները շատ յստակ կերպով ցոյց կու տան թէ ողորմութիւնը աւելի բարձր եւ նշանա-կալից իմաստ ունի: Ծանր մեղքերու կամ անօրէնութիւններու մէջ արատաւորուած հոգին կարիքը ունի աղերսելու աստուածային ողորմութեան, որպէսզի «լուացուի ու մաքրուի եւ ձիւնէն աւելի սպիտակ ու պայծառ ըլլայ»: Հետեւաբար, ինչպէս կը տեսնուի մարգարէին խօսքէն, ողորմութիւն բառը նիւթական իմաստ չունի: Ան աստուածային բարութեան գաղափարին իրագործումն է մարդոց կեանքի դառնութիւնները փարատելու եւ չարիքները վերացնելու համար: Ողորմութիւնը սիրոյ արտայայտութիւնն է, հիմնուած՝ գիտակցութեան, նուիրումի եւ հաւատքի վրայ:
Ողորմութիւնը յաճախ մեզի մոռցնել կու տայ մեր անձերը եւ զայն դուրս կը բերէ նեղ պարունակի սահմաններէն, հասցնելու համար համամարդկային եւ մնայուն արժէքներու: Ինչպէս պատահեցաւ բարի Սամարացիին, որ անյիշաչարօրէն օգնեց իր թշնամիին: Բարի Սամարացին այսպիսով փաստեց, որ ինք ոչ միայն մարդասէր մըն էր, այլեւ՝ աստուածասէր: Աստուածասէր է ան, որ ծարաւին ջուր եւ անօթիին հաց կու տայ: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ թէ երբ ողորմութիւն կատարես՝ Տիրոջ ողորմութեան կ’արժանանաս:
Տաթեւ Ա. Քհնյ.Միքայէլեան