ԵՍԱՅԻԻ  ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ (65.8-25)

«Անոնք դեռ չկանչած՝ պատասխան պիտի տամ, մինչ կը խօսին՝ պիտի լսեմ» (Ես 65.24)

Տիեզերքի գերագոյն ստեղծիչը՝ Աստուած, Իր անհուն սէրը աշխարհի սկիզբէն յայտնած է մարդկութեան: Աւելի՛ն, Ան որպէս գթառատ Հայր խոստացաւ մարդ արարածը արքայութեան ժառանգորդ դարձնել:

Եսայի մարգարէութեան վերոյիշեալ համարը ունի չորս թելադրութիւններ.

ա- Աստուած կանչել կատարեալ վստահութեամբ:

Մարդ էակը իր կեանքի գնացքին մէջ զԱստուած խնդրելու խոր ձգտումը ունեցած է, պայմանաւ որ այդ մէկը ըլլայ իր կամքին համեմատ. Ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ կ’ըսէ. «Համաձայն կերպով կը դիմենք Աստուծոյ, այն վստահութեամբ՝ որ երբ իր կամքին համաձայն բան մը խնդրենք՝ կը լսէ մեզ» (Ա.Յհ 5.14):

բ- Աստուած կանչել կատարեալ ճշմարտութեամբ:

Մարդու բանականութիւնն ու գիտակցութիւնը զինք կ’ուղղեն ճշմարիտին, որ նոյնինքն Աստուած է: Սաղմոսերգուին համաձայն Աստուած մարդուն փրկութիւնը կ’երաշխաւորէ. «Տէրը մօտիկ է անոնց՝ որոնք իրեն կ’աղօթեն, բոլոր անոնց՝ որոնք իրեն կ’աղօթեն անկեղծութեամբ» (Սղ 145.18):

գ- Աստուծոյ հետ խօսակցիլ աղօթքի ճամբով:

Մարդ անհատին հաղորդակցութիւնը իր Ստեղծիչին հետ կ’արտայայտուի աղօթքի միջոցով, բայց այդ աղօթքը անհրաժեշտ է որ ըլլայ հաւատքով. «Աղօթած ատեն ինչ որ հաւատալով խնդրէք՝ պիտի ստանաք» (Մտ 21.22) եւ առանց ձանձրանալու. «Պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու» (Ղկ 18.1): Այն ատեն արդար Տէրը կը լսէ Իրեն վստահող ծառաներուն աղօթքը. «Որովհետեւ Տիրոջը աչքերը արդարներուն վրայ կը հսկեն եւ ականչները պատրաստ են անոնց աղօթքները լսելու» (Ա.Պտ 3.12):

դ- Աստուծոյ յաւիտենականութիւնը:

Աստուծոյ յաւիտենականութիւնը եւ իմաստութիւնը անչափելի եւ անքննելի է բոլոր ժամանակներուն մէջ:

Ան մշտապէս կը յայտնէ Իր ողորմութիւնն ու գթութիւնը Իր արարածներուն, որուն համար Եսայի մարգարէն կը հաստատէ՝ ըսելով. «Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր թէ յաւիտենական Աստուածը՝ Տէրը, երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, չի պատրաստիր ու չի յոգնիր, Անոր հանճարը չի՛ քննուիր» (Ես 40.28):

Վերոյիշեալ ճշմարտութիւնները մենք կը տեսնենք չորրորդ դարու սկզբնաւորութեան, Սեբաստիա քաղաքի Քառասուն Մանուկներու կեանքին մէջ, որոնք իրենց քաջութեամբ եւ քրիստոնէական մաքուր կեանքով յանձն առին չարչարուիլ Յիսուս Քրիստոսի անուան սիրոյն: Բանտարկութիւն, չարչարանք, քարկոծում ապա կապանքուած վիճակի մէջ սառած լիճ նետուեցան: Բայց Աստուծոյ երկնապարգեւ խոստումը իբրեւ իրենց աղօթքին պատասխան, զիրենք արժանացուց լուսեղէն պսակին:

Մարգարէին պատգամը ու քառասուն Մանուկներու ունեցած ամուր հաւատքը, համբերութիւնն ու քաջութիւնը թող մեզի օգնական ըլլան:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան