ԵՍԱՅԻԻ  ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ (56.1-57.21)

«Ես բարձր ու սուրբ տեղ կը բնակիմ, բայց կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ, որպէսզի խոնարհներուն հոգին կենդանացնեմ եւ կոտրած սրտերը ապրեցնեմ» (Ես 57.15):

Աստուածաշունչը Աստուծոյ կողմէ տրուած օգնութեան եւ փրկութեան խոստում մըն է: Աստուծոյ կողմէ տրուած խոստումները անյայտ մարդոց կողմէ տրուած խոստումներ չեն, այլ՝ յստակ ժամանակի մը ընթացքին եւ որոշակի մարդոց կողմէ տրուած: Հետեւաբար, կարեւոր  է վստահիլ Անոր խոստումներուն: Օրինակներ շատ են, Աստուած խոստացաւ Աբրահամը օրհնել եւ բազում ազգերու հայր դարձնել: Մենք  գիտենք, թէ ո՛ր ժամնակաշրջանին, որո՛ւ կողմէ եւ որո՛ւ ուղղուած է խոստումը եւ մանաւանդ գիտենք, թէ տրուած խոստումները Քրիստոսով իրականացան:

Յաճախ այն տպաւորութիւնը կ’ունենանք, որ Աստուած բացակայ է այն պատահարներուն ու դէպքերուն մէջ, որոնք կը պատահին մերօրեայ կեանքին եւ որոնք կը տառապեցնեն մեզ: Կը խորհինք, թէ Աստուած չի տեսներ մեզի պատահածները, ուստի, անհեթեթ խօսքեր ըսելով, զԱստուած մեղադրելով, Աստուծմէ երես դարձնելով  կը մեղանչենք: Բայց իրականութեան մէջ Աստուած միշտ մեզի հետ է ու Իր խոստումները անպայման կ’իրականանան. Մեծագոյն փաստը՝ որ Աստուած մեզի հետ է ու մեզ չէ մոռցած, Քրիստոսի այն խօսքն է, որ կ’ըսէ. «Եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մտ 28.20):

Այս խօսքերը առաքեալներուն ուղղուած էին, սակայն այսօր՝ կը վերաբերի մեզմէ իւրաքանչիւրին, որովհետեւ ամէն կասկածէ վեր է, որ Աստուած մեզի հետ է եւ անպայման մեզ կը լսէ: Մե՛նք է որ մեր անձերը կը հեռացնենք Աստուծոյ ներկայութենէն, կը մոռնանք Անոր ներկայութիւնը, կ’իյնանք մեր անձնական շահերուն ու հետաքրքրութիւններուն ետեւէն ու զԱստուած կը յիշենք միայն երբ նեղութեան մատնուինք: Սուրբ Գիրքը Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն կը վկայէ Աստուծոյ տուած խոստումներուն եւ անոնց իրականացման մասին: Հռոմայեցիներուն ուղղուած նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Սուրբ Գրքերուն մէջ արձանագրուած  կը գտնենք, թէ Աստուած կանուխէն իր մարգարէներուն միջոցաւ խոստացաւ տալ այս աւետիսը, որ կը վերաբերի իր Որդիին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ իբրեւ մարդ՝ Դաւիթի սերունդէն ծնաւ» (Հռ 1.2-3):

Արդ, տրուած խոստումը իրականացաւ, ինչ որ կը նշանակէ անոր իւրաքանչիւր բառը պիտի իրականանայ:

Աստուած հաւատարիմ է Իր տուած խոստումներուն նկատմամբ. «Անխախտ պահեցէք այն յոյսը որ կը դաւանիք, վստահ ըլլալով, որ Աստուած հաւատարիմ է Իր խոստումին» (Եբր 10.23): Աստուած Իր բարիքները անխտիր բոլորին կը բաշխէ, մանաւանդ կարօտեալը չի՛ մոռնար: Աստուած Իր արարածներու հոգիին մէջ հաւատքի նշոյլ  եւ աներկմիտ հաւատք կը փնտռէ: Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակով, Պօղոս առաքեալ կը խօսի այն մարգարէներուն մասին, «որոնք իրենց հաւատքով՝ թագաւորներ պարտութեան մատնեցին, արդարութիւն գործեցին եւ Աստուծոյ խոստումներուն տիրացան: Առիւծներու բերանները գոցեցին, կրակի զօրութիւնը մարեցին, սուրի բերանէն ազատեցան: Իրենց տկարութեան մէջ Աստուծմով զօրացան» (Եբր 11.33-34): Արդ, Աստուծոյ վրայ ունեցած հաւատքո՛վ է որ պիտի ժառանգենք Անոր խոստումները:

Աստուած յաւիտենապէս Իր ձեռքը որպէս հովանի կը պահէ Իր արարածներուն վրայ ու զանոնք կը պաշտպանէ անհամար փորձանքներէ: Իսկ այն դժուարութիւնները, որոնց կը հանդիպինք, իրականութեան մէջ Աստուած կ’ուզէ մեզ փորձաքարի զարնել՝ ամրապնդելու մեր հաւատքը եւ մեզ դէպի Իրեն առաջնորդելու: Ուրեմն, մեր  աղօթքներուն կեդրոնը թող հաւատքն ու խոնարհութիւնը ըլլան, իսկ նպատակը՝ աստուած-պաշտութիւնը: Այն ատեն, Աստուած մեր կոտրած սիրտերը կ’առողջացնէ ու խոնարհներու հոգիները կը կենդանացնէ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան