«Արդարեւ մեր դատաւորը Տէ՛րն է, մեր օրէնսդիրը Տէ՛րն է, մեր թագաւորը Տէ՛րն է. Ի՛նք մեզ պիտի ազատէ» (Ես 33.22):
Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրը յայտնող Եսայի մարգարէն, խոստացուած Մեսիային՝ Օծեալին գերագոյն յատկութիւնները կը ներկայացնէ իբրեւ թագաւոր, դատաւոր, օրէնսդիր ու ազատարար:
Արդարեւ, մարգարէն մեզի կը նկարագրէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ Անոր փառքի յայտնութիւնը: Այս պատճառով մարգարէն կ’ըսէ. «Տէ՛րն է մեր դատաւորը», վկայելու համար նախասահմանուած Մեսիային ունենալիք երկայնամտութեան ու արդար հատուցման մասին: Գործք Առաքելոց գիրքին հեղինակը կ’ըսէ, «թէ ինքն է Աստուծմէ սահմանուած Դատաւորը, որ պիտի դատէ ողջերն ու մեռելները» (Գրծ 10.42):
Երկրորդ՝ կը յատկանշէ. «Տէ՛րն է մեր օրէնսդիրը»: Աստուած իբրեւ արարիչը եւ ստեղծիչը տիեզերքին ու մարդկութեան, Իր դաստիարակիչ Օրէնքները իր մէջ բովանդակեց ու ամբողջացուց, պահանջելով կատարեալ հնազանդութիւն եւ սուրբ սիրտ, որովհետեւ Քրիստոսով օրէնքին ենթակայ չենք, այլ՝ շնորհին (Հռ 6.14):
Երրորդ՝ մարգարէն կը յատկանշէ զԱստուած, ըսելով. «Տէ՛րն է մեր թագաւորը»: Մելքեսեդեկ նախատիպարն է Քրիստոսի, որ ճշմարիտ քահանայապետ ու թագաւորն է արդարութեան եւ խաղաղութեան: Եսայի մարգարէ կը բացագանչէ. «Անոր գերիշխանութեան մեծնալուն ու խաղաղութեան սահման պիտի չըլլայ՝ Դաւիթի գահին վրայ եւ անոր թագաւորութեան վրայ» (Ես 9.7): Հետեւաբար, մարգարէին ակնարկած թագաւորութիւնը ի վերուստ է եւ անվախճան, որուն համար Յայտնութեան գիրքը կը հաստատէ. «Այլեւս ամբողջ աշխարհի թագաւորութիւնը կը պատկանի մեր Տիրոջ եւ իր Օծեալին, որ պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից» (Յյտ 11.15):
Չորրորդ եւ վերջին յատկանիշը կը հաստատէ, թէ միայն Իրմով կրնանք «ազատիլ»: Մարգարէն կ’ուզէ ըսել, թէ մարդ անկարող է` ինքզինք փրկելու իր մեղքերէն, իր նկարագիրը փոխել եւ մաքրակենցաղ ու քրիստոնէավայել կեանք մը ապրիլ: Յիսուս Քրիստոս կը փրկէ բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով եւ ճշմարտութեամբ կ’ապաշխարեն: Աստուած կը ներէ անոնց մեղքերը, նոր սիրտ կու տայ եւ Ս. Հոգիով անոնց միտքը կը լուսաւորէ, կը քաջալերէ, կը զօրացնէ զանոնք, կ’առաջնորդէ զիրենք եւ այսպիսով կ’ազատագրէ մեղքի տիրապետութենէն, անոնց աստուածային կեանք շնորհելով: Առաքեալը կ’ըսէ. «Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը յայտնեց անով՝ որ երբ տակաւին մեր մեղքերուն մէջ էինք՝ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ: Իսկ հիմա որ իր արիւնով արդարացած ենք՝ որքա՜ն աւելի վստահութեամբ կրնանք ըսել՝ թէ Քրիստոսով պիտի փրկուինք Աստուծոյ բարկութենէն» (Հռ 5.8-9):
Հետեւաբար, ապաւինինք մեր ճշմարիտ դատաւորին, օրէնսդիրին եւ թագաւորին, «Որովհետեւ Քրիստոս իր անձը տուաւ մեզի համար, որպէսզի մեզ ազատէ մեր բոլոր անօրէնութիւններէն եւ մեզ մաքրելով՝ իր սեփական ժողովուրդը դարձնէ, բարի գործերու նախանձախնդիր» (Տիտ 2.14):
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան