«Բայց հիմա, ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես: Մենք կաւ ենք ու դուն մեր բրուտն ես: Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք» (Ես 64.8)
Կեանքի փորձառութեամբ գիտենք, թէ որքան ալ երկար ապրինք, չենք կրնար մահէն խուսափիլ: Բոլորս ալ Աստուծոյ ձեռակերտն ենք, «Բոլորս տերեւի պէս կը թառամինք, եւ մեր անօրէնութիւնները հովի պէս մեզ կը քշեն կը տանին» (Ես 64.6):
Կը ծնինք, կ’աճինք, կը զարգանանք, կը պայքարինք, կը տառապինք, կ’ուրախանանք եւ օր մըն ալ այս աշխարհէն կը մեկնինք:
Եսայի մարգարէ կը հաստատէ մարդուն անցաւորութիւնը եւ կը փառաբանէ Աստուծոյ մեծութիւնն ու յաւերժութիւնը: Յիշեցնելով մեզի, թէ մահուան իրողութիւնը դրոշմուած է մարդու ճակտին, ուստի, ան բնութեան աստուածային օրէնքին պիտի ենթարկուի, «Քանի որ դուն հող էիր ու հողին պիտի վերադառնաս» (Ծն 3.19): Ոեւէ մարդ չի կրնար խուսափիլ աստուածային այս վճիռէն: Երբ մարդը փորձեց Աստուծոյ հաւասարիլ, բարիի եւ չարի գիտութիւնը ունենալ, կրցաւ այդ ճանաչումը ձեռք ձգել եւ այս պատճառով ենթարկուեցաւ տառապանքի ու ժառանգեց մահը՝ իր եւ Աստուծոյ միջեւ անսահման անջրպետ մը գոյացնելով:
Մարդը մահուան դատապարտուեցաւ, որովհետեւ իր անհնազանդ-ութեամբն ու օրինազանցութեամբը զԱստուած բարկացուց: Բարկութիւն չի նշանակեր, թէ Աստուած վրէժխնդութիւն ունի մարդուն հանդէպ, ընդհակառակը, Աստուած կը բարկանայ մարդուն աստուածաստեղծ ու աստուածանման պատկերը վերահաստատելու համար: Մարդ կ’ըմբոտանայ մահուան դէմ, որովհետեւ Տիեզերքի Արարիչը մարդուն էութեան մէջ շնորհած է յաւիտենականութեան իղձը: Մարդը կը տենչայ մշտապէս եւ յաւերժօրէն ապրելու: Սակայն, մահը քրիստոնէական հասկացողութեամբ երկրաւոր կեանքի վախճանն է եւ նոր կեանքին սկիզբը, նոյնինքն Քրիստոսով հիմնուած:
Քրիստոսի աստուածային յայտնութիւնը երկրի վրայ մարդկային հոգիէն փարատեց մահուան մռայլ խաւարն ու գաղափարը: Ան մարդկային բնութիւն առաւ՝ մարմին զգեցաւ եւ անով անցաւ մահուան անդունդէն: Ան իր յարութեամբ մահը խորտակեց եւ մարդկութիւնը ազատեց անոր գերութենէն եւ մեզի տուաւ անմահութեան խոստումը՝ ըսելով. «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յհ 11.25): Բացի Քրիստոսէ, ուրիշ ոչ ոք կրցաւ աստուածային յայտնութիւնն ու փրկութիւնը աւետել մարդկութեան: Ահա թէ ինչու Պօղոս առաքեալ համարձակօրէն կրցաւ ըսել. «Մահը կլանուեցաւ. Յաղթանակը շահուեցաւ»: «Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ. Ո՞ւր է Մա՛հ, (դժոխք) քու խայթոցդ» (Ա.Կր 15.55):
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան