ՏԻՐՈՋ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՍ. 63.7-18
Տիրոջ կարեկցութիւնները, Տիրոջ փառաւոր գործերը պիտի յիշատակեմ՝ Տիրոջ բոլոր շնորհածներուն համեմատ, նաեւ այն շատ բարիքները՝ Իսրայէլի տան հանդէպ, Որ անոր շնորհեց իր ողորմութեան եւ առատ կարեկցութեան համեմատ:
Արդարեւ ինք ըսաւ. «Իրապէս Որդիներ են՝ որ պիտի չստեն», եւ անոնց Փրկիչը եղաւ:
Անոնց բոլոր տագնապներուն ատեն տագնապեցաւ, ու իր ներկայութեան հրեշտակը զանոնք ազատեց. Իր սիրով եւ արգահատանքով զանոնք փրկեց, զանոնք վերցուց ու հին օրերուն մէջ զանոնք կրեց:
Բայց անոնք ընդվզեցան եւ իր Սուրբ Հոգին վշտացուցին. Ինք ալ անոնց թշնամի դարձաւ, ու անոնց դէմ պայքարեցաւ:
Այն ատեն յիշեցին հին օրերը, Մովսէսը եւ անոր ժողովուրդը, հարցնելով. «Ո՞ւր է ան՝ որ իր հօտին հովիւով զանոնք ծովէն բարձրացուց. Ո՞ւր է ան՝ որ անոր մէջ իր Սուրբ Հոգին դրաւ: Իր փառաւոր բազուկը Մովսէսի աջ ձեռքով անոնց քալել տուաւ. Անոնց անդունդներուն մէջէն քալել տուաւ՝ առանց գայթեցնելու, ինչպէս ձի մը՝ անապատին մէջէն: Տիրոջ Հոգին զանոնք հանգստացուց՝ հովիտը իջնող անասուններու պէս»:
Դուն ա՛յսպէս առաջնորդեցիր քու ժողովուրդդ, որպէսզի քեզի փառաւոր անուն վաստակիս:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան