ԵՂԻԱ  ՄԱՐԳԱՐԷ

Եղիա մարգարէն, եբրայեցի ժողովուրդին  ամենապիղծ եւ չար թագաւորին՝ Աքաաբի  օրերուն, իբրեւ Աստուծոյ հաւատարիմ մարգարէ, բոլորին կոչ կ’ուղղէր  դարձի  գալու կենդանի Աստուծոյ: Ան մերժուած էր իր քաղաքացիներէն: Հակառակ այս վիճակին, ան չէր  դադրեր  իր  նուիրական  առաքելութիւնը կատարելէ: Մարգարէին գլխաւոր մտահոգութիւնն էր մարդոց հոգիներէն փարատել անհաւատութեան մշուշը, որպէսզի հաւատքի լուսաշող ճանապարհէն ընթանան եւ առաջնորդուին դէպի արդարութիւն եւ աստուածպաշտութիւն:

Եղիա մարգարէն Տիրոջ տնօրինումով կը ղրկուի Սամարիա՝ մոլորած ժողովուրդին մէջ, որպէսզի սորվեցնէ եւ հաստատէ Աստուած պաշտելու անհրաժեշտութիւնը, որ երաշխիքն է փրկութեան: Աստուած Եղիա մարգարէին միջոցաւ ժողովուրդին մեծամեծ հրաշքներ եւ նշաններ ցոյց կու տար:

Տիրոջ  հրամանով, Եղիա մարգարէն ժողովուրդը իր շուրջը հաւաքելով կը բարձրանայ Կարմեղոս լեռ, Բահաղի մարգարէներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին ցոյց տալու, թէ Տէրն է միակ Աստուածը: Տասներկու քար կը հաւաքէ, Յակոբի որդիներու ցեղերուն թիւով, եւ ատոնցմով զոհասեղան կը սարքէ, վրան փայտ կը դնէ եւ հորթ կը զոհէ: Յետոյ կը հրամայէ զոհասեղանին վրայ ըսելով. «Չո՛րս սափոր ջուրով լեցուցէք, ու թափեցէք ողջակէզին եւ փայտերուն վրայ» (Գ.Թգ 18.34), ապա կը սկսի աղօթել:

Մարգարէին աղօթքէն ետք երկինքէն կրակ կ’իջնէ, ողջակէզը, փայտերը, քարերն ու հողը կ’այրէ եւ ջուրն ալ կը սպառէ: Ժողովուրդը այս երեւոյթը տեսնելով, երեսի վրայ կ’ինայ ու կ’ըսէ.- «Եհովան է միակ Աստուածը» (Գ.Թգ 18.39):

Աւետարանին մէջ կը կարդանք, Քրիստոսի այլակերպութեան ընթացքին Հին Կտակարանեան երկու մեծ՝ Մովսէս  Օրէնք եւ Եղիա հաւատք խորհրդանշող մարգարէներ կ’երեւին Յիսուսի.(Մտ 17.1-4):

Եղիա մարգարէն, իր կեանքի աւարտին, իրեն յաջորդ՝ Եղիսէ մարգարէին հետ Յորդանան գետին մօտ կը կանգնին եւ ահա հրեղէն կառք մը ձիերով զինք կը բարձրացնեն դէպի երկինք: Ան իր վերարկուն կը ձգէ Եղիսէին, որպէսզի շարունակէ կատարել մարգարէական պաշտոնը (Դ.Թգ 2):

Հայ Առաքելական Ս. եկեղեցին Հոգեգալուստէն ետք առաջին կիրակին կը յիշատակէ Եղիա  մարգարէին տօնը: Եղիա  մարգարէն միակ սուրբն է, որ կը յիշատակուի  կիրակի  օրով:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան