ԵՂԲԱՅՐՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՅՄԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾՍԻՐՈՒԹԵԱՆ

Երբ մեր հայեացքը դէպի անցեալ՝ Վարդանանց դարձնենք, այդ մութ հորիզոնին վրայ հասարակ մարդ մը կը տեսնենք՝ գիւղական պարզ քահանայ մը, բայց ամուր կանգնած հողին վրայ իր խաչով ու Աւետարանով։

Անոր հետ կը տեսնենք օրուան քաջ Կաթողիկոսը՝ Յովսէփ Կաթողիկոսը, եւ բազմաթիւ հոգեւորականներ, որոնք կրօնքի սրբութիւնը ապրեցան եւ կրօնքի սրբութիւնը պահել ուզեցին ամէն բանէ վեր ու ամէն բանէ առաջ։ Տեսնելով հանդերձ գալիք պատուհասը պատասխանեցին խիզախօրէն եւ ըսին. «Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել. ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ ալ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ էլ որեւ այլ դառն հարուած… եթէ այս հաւատքին մէջ ձքեզ մեզ, ոչ երկրի վրայ  ուրիշ տէր կ՛ընդունինք քու փոխարէնդ եւ ո՛չ ալ երկինքի մէջ ուրիշ Աստուած կ՛ընդունինք Յիսուս Քրիստոսի փոխարէն, որմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ… մեր հաւատքի ուխտը ո՛չ թէ մարդու հետ է, որ երեխայի մը պէս խաբուինք. այլ Աստուծոյ հետ է անլուծելի կերպով, որ անհնար է քանդել ու հեռանալ ո՛չ այժմ եւ ո՛չ ալ յետոյ»։

Անոնք գիտէին, թէ յաղթութիւնն ու պարտութիւնը կախում չունի շատէն կամ քիչէն, այլ ներշնչումէն՝ որ Աստուծմէ կու գայ, եւ կը դարձնէ մարդը քաջ ու ինքնավստահ։ Եթէ Աստուած ունիս կոխիդ, կը յաղթես աշխարհին. Նոյիսկ եթէ մեռնիս՝ կ’ապրիս՝ կը հաւատային անոնք։ Անխարդախ հաւատք ունէին Աստուծոյ խօսքին հանդէպ եւ կուրօրէն կը հաւատային Երեմիա մարգարէի խօսքին, որ կ’ըսէ. «Թող իմաստունը չպարծենայ իր իմաստութեամբ, զօրեղը՝ իր զօրութեամբ, եւ հարուստը՝ իր հարստութեամբ։ Բայց ով որ կ’ուզէ պարծիլ, թող այս բանով պարծենայ, թէ կը հասկնայ ու ճանչնայ զիս, թէ ես եմ Տէրը» (Երեմիա 9։23-24):

Վարդանանց հոգեւոր փաղանքին եւ հաւատքով զինուած ժողովուրդին հաւատքի մեծութեան մասին խօսիլ կարեւոր է, որպէս անոնց օրինակը ներշնչէ լսողները։ Բայց կարեւոր է անդրադառնալ, որ իրենց ուղղութեան գաղտնիքը իրենց դաստիարակութիւնն էր։

Անոր համար, ազգայինին կողքին, կրօնական զգացումներու նախակրթարան ու հնոց պէտք է դառնան մեր տուները եւ ծնողները իրենց զաւակները եկեղեցի պէտք է առաջնորդեն ու վստահին եկեղեցին ու հաւատացեալը առաջնորդող Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին։ Եթէ սիրական դասագիրք դարձնենք Աստուածաշունչը, որ կը սորվինք թէ պէտք է ամբողջ սրտով, ամբողջ հոգիով ու ամբողջ մտքով զԱստուած սիրել։ Իսկ Աստուածսիրութիւնը կը սկսի եղբայրասիրութեամբ, ճիշդ այնպէս ինչպէս Յիսուս կը շեշտէ ըսելով. «եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ա՛պա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ» (Մտ 5։24)։ Կամ ինչպէս Յովհաննէս առաքեալը կ’արձագանքէ ըսելով. «Այն մարդը որ կ’ըսէ՝ “ես կը սիրեմ զԱստուած ”, բայց իր եղբայրը կ’ատէ, ստախօս մըն է։ Ով որ չի սիրէր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսնէր։ Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է.- Ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Ա. Յհ 4.20-21)։

Հետեւաբար, հաղթանակները միայն զէնքերով չիրականացուիր, այլեւ՝ անսասան հաւատքով, որ եղբայրասիրութիւն ու հայրենասիրութիւն կը ծնի։ Վարդանանք մեզի սորվեցուցին, որ Աստուածամիտ ժողովուրդը երբէք չի պարտուիր։

Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան