Թորոնթոյի Համազգային «Գլաձոր» մասնաճիւղի հրաւէրով, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան եւ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Սիլվանա Պապիկեան, ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Գուսան» եւ «Հայ Աստղեր» երգչախումբերու, ինչպէս նաեւ «Արցախ» եւ «Էրէբունի» պարախումբերու գեղարուեստական ելոյթներուն, որոնք տեղի ունեցան յաջորդաբար 7 եւ 14 Յունիս 2025-ին։
Զոյգ ելոյթները ներկայացուցին մեր մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած մշակութային գանձերը, տպաւորելով ու ոգեւորելով ներկաները։
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին միշտ գնահատողն եղած է ու պիտի մնայ այսպիսի նախաձեռնութիւններու, որոնք ազգային արժէքները վեր կը պահեն ու նոր սերունդները կը դաստիարակեն համադրոշմ անանց արժէքներով ու գանձերով։