Կիրակի, 19 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, Կաթոլիկ Mary, Queen of the World Cathedral-ին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթք, կազմակերպութեամբ՝ Գանատայի Միջ-եկեղեցական Կեդրոնին։
Միութեան աղօթքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին աղօթակից էր նաեւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան։
Եկեղեցւոյ պետերն ու հայրերը դիմաւորուեցան Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս՝ Տ. Քրիսթիան Լէփինի կողմէ, որմէ ետք կատարեցին աղօթքի կարգը։
Աղօթքէն ետք հոգեւորականները մտերմիկ հանդիպում ունեցան հաւատացեալ ժողովուրդին հետ։