Նաեւ ճանչցուած է որպէս Գրիգոր Աստուածաբան կամ Իմաստասէր։ Ան ծնած է Դ. դարուն Նազիանզ քաղաքին մէջ՝ այժմ Թուրքիա։ Կապադովկիոյ Հայրերէն մին է (Բարսեղ Կեսարացիի եւ Բարսեղի փոքր եղբայրը՝ Գրիգոր Նիւսացիին հետ)։ Մօրը անունը Նունի էր եւ պարկեշտ հաւատացեալ կին մըն էր, իսկ հայրը՝ հելլենական հեթանոսական աղանդի մը հետեւորդն էր։
Ուսանելու տենդը ծիլ առաւ իր մէջ պատանի հասակէն եւ մօրը նախաձեռնութեամբ ան գնաց այն վայրերը ուր գիտեր կային բարձրագոյն ուսումնարաններ՝ որոնցմէ էին Կեսարիա, Աղեքսանդրիա եւ Աթենքի դպրոցները։ Բարսեղ Կեսարացին իր ուսումնակիցը եղած է, եւ երկուքը միասին ապրած, ճգնած ու գրական ստեղծագործութիւններու վրայ աշխատակցած են։ Ան մկրտուած է իր հօրը դարձէն ետք, ուստի չափահաս տարիքին գիտակցաբար ընդունած է Քրիստոնէութիւնը։ Հայրը Նազիանզ-ացիներուն եպիսկոպոսը ըլլալով, բռնադատելով զինք քահանայ օծեց որպէսզի իր ծերութեան մէջ Գրիգորը իրեն օգնական ըլլայ։
Գրիգոր Նազիանզացին ճանչցուած է նաեւ որպէս Երրորդութեան Աստուածաբան։ Ան հեղինակն է՝ Տօնական Բանախօսութիւն, Հինգ Աստուածաբանական Բանախօս-ութիւններ, Ընդդէմ Արիոսականները, Աստուծոյ եւ Քրիստոսի Մասին, եւ Աստուծոյ Յայտնութեան եւ Ծնունդի Մասին գործերուն։ Շնորհիւ իր հմուտ հռետորութեան կարողութեանց եւ համոզիչ ջատագովութեան, ան հռչակ ստացաւ շնորհիւ իր ուղղափառամտութեան եւ պարկեշտ կենցաղին։ Նոյնիսկ իր հարազատ հայրը ազատեց Արիոսական աղանդաւորական մոլորեցնող շարժումէն։
Գրիգորի Նազանզացիին հօրը անունը նաեւ Գրիգոր էր։ Ան յիսուն տարեկանին դարձի եկած է եւ ընդունած է Քրիստոնէութիւնը։ Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովին ժամանակ մկրտուած է Կեսարիոյ հայրապետին կողմէ։
Գրիգոր Աստուածաբան, կարճ ժամանակուան մը համար ստանձնած է Սասիմի առաջնորդութիւնը, ուր նոյն ժամանակ Բարսեղը Կեսարիոյ առաջնորդ նշանակուած է։ Մօրը մահէն ետք մեկուսացաւ Իսաւրացւոց (Փոքր Ասիոյ) Սելեւկիա քաղաքը, Ս. Թեկղի Եկեղեցիէն ներս։
Շնորհիւ իր բացառիկ ճարտարախօսութեան եւ համոզիչ գաղափարախօսութեան, կարողացաւ ջախջախել ու վերջ դնել աղանդաւորներուն։ Այս դէպքէն ետք արժանացաւ Աստուած-աբան տիտղոսին, իսկ Աղեքսանդրիոյ Պետրոս Պատրիարքի օրհնութիւնը ստացաւ եւ Կ. Պոլսոյ Արքեպիսկոպոս նշանակուեցաւ։ 381-ին, Կ. Պոլսոյ Ժողովին, հաստատուեցաւ իր պատրիարքութիւնը։ Այսուհանդերձ, երկար չտեւեց Գրիգորին գահակալութիւնը, քանզի նախանձոտ մարդոց պատճառաւ ստիպուեցաւ հրաժարիլ իր պաշտօնէն եւ մեկուսանալ Արիազոն գիւղին մէջ, ուր նուիրուեցաւ եկեղեցական գրականութեան մինչեւ որ իր մահկանացուն կնքեց 389 թուականին։
Գրիգոր Աստուածաբան ոտանաւորով գրած է իր կենսագրութիւնը, որ նաեւ ուղղափառ վարդապետութեան ջատաքովութիւն մը կը համարուի։ Բարսեղ Կեսարացիին հետ հիմնած է հիւանդանոցներ, հոգետուներ, եւ հիւրանոցներ։ Հայրը մահացած է 100 տարեկանին, որմէ հայրենակիցներուն թախանձանքներուն տեղի տալով, կը ստանձնէ Նազիանզի առաջնորդութիւնը։ Բարսեղ Կեսարացիի մահուան առիթով փառայեղ դամբանական գրած է անոր մասին։
Թէոդորոս Թագաւորի օրօք, մնայուն պատրիարք կարգեց Գրիգորին, սակայն հիւանդութեան երկար չկարողացաւ դիմակայել եւ մեկուսացաւ մինչեւ 389 կամ 390 թուականը, երբ իր մահկանացուն կնքեց։ Ամէն տարի Հայ Եկեղեցին կը տօնէ Տասներկու Վարդապետներու Տօնը Հոկտեմբերի վերջը, որոնցմէ է նաեւ Գրիգոր Աստուածաբանը։
Տարօն Սրկ. Հալլաճեան