Հինգշաբթի, 15 Մայիս 2025-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Սարկաւագաց եւ «Ազնաւորեան» Դպրաց Դասի անդամները հիւրընկալուեցան «ԼԱՐԱԶ» ճաշարանին մէջ, Տէր եւ Տիկին Տիգրան եւ Անի Թորոսեաններու, ինչպէս նաեւ Տիկին Լենա Ատուրեանի սիրալիր հրաւէրով։ Այս հիւրասիրութիւնը երախտագիտութիւն էր, ի պատիւ սարկաւագաց եւ դպրաց դասի անդամներուն, իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար՝ Աւագ Շաբթուայ եւ Սուրբ Զատկուայ եկեղեցական արարողութեանց ընթացքին։
Երեկոն գեղարուեստական շունչ ստացաւ Ռազմիկ Սրկ. Մանասէրեանի կատարումներով, որուն հնչեցուցած սիրուած հայկական երգերը ճոխացուցին հաւաքոյթը։
Հոգաբարձութեան կազմին անունով սրտառուչ խօսք արտասանեց Սարգիս Սրկ. Կիտանեան, որուն յաջորդեց շնորհակալական խօսք մը՝ արտասանուած Գերպ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի կողմէ։
Ճոխ երեկոն եզրափակուեցաւ խորհրդանշական նուէրի մը յանձնումով եւ յիշատակի խմբանկարով։