Հայ ժողովուրդի հաւատքի հայրը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ՝ իր կեանքի վերջին օրերը, հայրապետական աթոռը իր զաւկին յանձնելէ ետք, կամաւորապէս կը թողու քաղաքը եւ կը հեռանայ ճգնաւորական եւ աղօթքի կեանքի կը նուիրուի, Սեպուհ լերան վրայ գտնուող Մանիայ քարայրին մէջ: Անշուք եւ խաղաղ պայմաններու մէջ Ս. Գրիգոր կը վախճանի 326ին: Ոչ ոք կ’իմանայ անոր մահը: Ժամանակ մը ետք Սեպուհ լերան վրայ դեգերող հովիւներ, կը գտնեն սուրբին անշնչացած մարմինը, կարծելով որ ծերունի ճգնաւոր մըն է, զայն կը թաղեն աննշան տեղ մը:
Շրջան մը ետք իր մտերիմ աշակերտներէն Բասենցի Գառնիկ անունով, կը սկսի լերան վրայի ճգնարանները փնտռել, գտնելու համար սուրբը: Երկար դեգերելէ ետք, ի վերջոյ հովիւներէն կ’իմանայ տխուր եղելութիւնը: Կը փութայ թաղուած վայրը եւ կը յայտնաբերէ սուրբին աճիւնները, յատուկ արարողութեամբ ամփոփել կու տայ Թորդան գաւառի մէջ:
Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին տարին երեք անգամ կը տօնախմբէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին յիշատակը՝«Մուտն ի վիրապ»ի «Ելն ի վիրապ»ի եւ «Գիւտ նշխարաց»ի առիթներով: Իսկ Սուրբին նշխարներով պատրաստուած Ս. Աջը մինչ օրս կը պահուի Ս. Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւններու յատուկ խնամքին ներքեւ: Ս. Աջով է որ մեր հայրապետները կ’օրհնեն Ս. Միւռոնը:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան