2024-ի Դեկտեմբերին, Օնթարիոյ նահանգը «167» օրինագիծով ընդունեց այսուհետեւ ամէն տարի Սուրբ Զատիկէն ետք, նշել «Ուղղափառ Եկեղեցիներու շաբաթ»։ Առ այդ, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, ընկերակցութեամբ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Բրշ. Կարօ Սրկ. Սարգիսեանի եւ Բրշ. Մանօ Սրկ. Ճէնանեանի, ներկայ գտնուեցաւ առաջին ուղղափառ եկեղեցիներու հաւաքին։
Հաւաքը տեղի ունեցաւ Օնթարիոյ նահանգի խորհրդարանէն ներս, կազմակերպութեամբ Ղպտի եւ Սերպ ուղղափառ եկեղեցիներուն։ Անոնց խօսնակները ողջունեցին ուղղափառ բոլոր եկեղեցիներու ներկայացուցիչերն ու քաղաքական անձնաւորութիւններ։
Հաւաքին ընթացքին, խօսք առին զանազան քաղաքական դէմքեր եւ շրջաններու ներկայացուցիչներ, որոնցմէ կ’ուզենք յիշել Սքարպորօ-Էյճընքորթ շրջանի դաշնակցային ներկայացուցիչ՝ Տիար Արիս Պապիկեանը, որ իր խօքին մէջ ակնարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ, անոր պատկանելիութեան եւ պատմութեան։ Ապա, Համպըր Րիվըր-Պլաք Գրիք շրջանի ներկայացուցիչ՝ Թօմ Ռըքօսըվիչ, որուն անխոնջ աշխատանքներուն արդիւնքն էր սոյն օրինագիծին ներկայացումն ու վաւերացումը, խօսք առաւ եւ բոլոր եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն փոխանցեց ստորագրուած եւ կնքուած օրինագիծէն օրինակ մը։
Հաւաքը իր աւարտին հասաւ ներկայ եպիսկոպոսներու օրհնութեան խօսքերով եւ հաւաքական խմբանկարով։
Հաւաքի ընթացքին, Տեսուչ Հայր Սուրբը ծանօթացաւ եւ զրոյց ունեցաւ ներկայ եպիսկոսպոսներուն եւ եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն հետ։