Մեծ պահոց վեցերորդ Կիրակին կը կոչուի Գալստեան Կիրակի, այս կիրակին մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին Մեծ Պահոց առաջին հինգ կիրակիներու ընթացքին հաւատացեալները կը պատրաստէ կեանքի դժուարութիւնները դիմակալելու, որով կը ներկայացնէ նախամարդուն կեանքի գլխաւոր հանգրուանները: Սակայն վեցերորդ Կիրակիի խորհուրդը մեր դիմաց կը բանայ երկու հիմնական հարցեր.
ա. Յիսուս իր առաջին գալուստով, եկաւ իբրեւ խաղաղութեան իշխան, Իր Մարդեղութեամբ փրկագործութեան խորհուրդը իրականացուց մեղաւոր մարդը փրկելու:
բ. Յիսուս իր երկրորդ գալուստով, պիտի ներկայանայ որպէս դատաւոր, դատելու համար ողջերը եւ ննջեցեալները:
Յիսուս իր առաջին գալուստով փրկութեան ծրագիրը աւետեց մարդկութեան, եւ քանդեց դժոխքի դռներն ու կապանքները:
Սակայն իր երկրորդ գալուստով, սարսափի պիտի մատնէ բոլոր անոնք, որոնք աստուածային պատգամներու նկատմամբ անհնազանդ եւ անտարբեր կեանք մը ապրած են: Քրիստոսի երկրորդ գալուստը երջանկութիւն պիտի պատճառէ, բոլոր անոնց որոնք Քրիստոսի յուսալով եւ յաւիտենական կեանքի ակնկալութեամբ ապրեցան այս աշխարհի վրայ, որովհետեւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խոստացաւ ըսելով. «Երբ երթամ եւ ձեզի համար տեղ պատրաստեմ, դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ըլլաք հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ» (Յհ 14.3):
Յիսուսի երկրորդ գալուստը ստոյգ իրողութիւն մըն է, խոստացուած եւ արձանագրուած Ս. Գրքին մէջ, Յիսուսի համբարձման օրը հրեշտակը առաքեալներուն ըսաւ. «Ինչո՞ւ կեցեր երկինք կը դիտէք: Այս Յիսուսը որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք» (Գրծ 1.11):
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր երկրորդ գալուստին մասին ըսաւ. «Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Ո՛րդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով» (Մտ 24.30):
Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը պիտի ըլլայ նաեւ յանկարծակի եւ անսպասելի կերպով: Յիսուս առիթով մը նորէն կը յիշեցնէ իր առաքեալներուն ըսելով. «Արթուն մնացէք եւ պատրաստ եղէք. որովհետեւ չէք գիտեր թէ ձեր Տէրը երբ կու գայ», «Մարդու Որդին ձեր չակնկալած ժամուն կրնայ գալ» (Մտ 24.42-44):
Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալուստի գաղափարը կը հանդիսանայ քրիստոնէական հաւատքի առանցքը: Եթէ այս ճշմարտութիւնը դուրս բերենք մեր հաւատալիքներէն, մեր ամբողջ քրիստոնէական հաւատքն ու վարդապետութիւնը փուլ կու գայ: Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ՝ մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը, իր նշանաւոր հաւատով խոստովանիմ աղօթքի 22 համարով. «Արդար Դատաւոր, երբ Հօրդ փառքով գաս՝ ողջերն ու մեռելները դատելու, դատաստանի մի՛ մտներ քու ծառայիդ հետ, այլ փրկէ՛ զիս յաւիտենական կրակէն, եւ երկնքի արքայութեանդ մէջ ինծի լսել տուր արդարներուն ուղղուած երանաւէտ կոչը. եւ ողորմէ՝ քու արարածներուդ եւ ինծի՛ բազմամեղիս»: Այս հաւատքով եթէ ընթանանք, աստուծահաճոյ կեանք մը ապրած կ’ըլլանք եւ ուրախութեամբ կ’արժանանանք եւ մեր կեանքին մէջ կը զգանք Քրիստոսի ներկայութիւնը: Սիրելի հաւատացեալ Մեծ Պահոց Գալստեան Կիրակիի պատգամը մեզ կը հրաւիրէ ամէն ժամանակ պատրաստ ըլլալու, Տիրոջմով զօրանալու, ճշմարտութեամբ ամրապնդուելու: Աւետարանի համաձայն արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ ապրելու, հաւատքի վահանով զինուելու, որպէսզի կարողանանք վանել չարին արձակած բոլոր նետերը, որպէսզի ուրախութեամբ արժանի ըլլանք տեսնելու եւ դիմաւորելու Տիրոջ Երկրորդ Գալուստը:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան