ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Մեծ Պահքը ապաշխարութեան եւ ինքնազրկումի ընթացք մըն է: Յատկանշական է, որ կը սկսի երջանկութեան գաղափարի յիշատակութեամբ: Պահքի ընթացքին, եկեղեցական արարողութեամբ, հաւատացեալներուն կը բացատրուի, թէ մարդը ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կորսնցուցած է եդեմական դրախտի երջանկութիւնը եւ ինչպէ՞ս կրնայ վերատիրանալ անոր:

Մեծ Պահոց նախընթաց օրը կը կոչուի Բուն Բարեկենդան: Բարեկենդան կը նշանակէ  բարի կեանք, բարի-կենդանութիւն, երջանիկ կեանք կամ ուրախ կեանք:

Բուն Բարեկենդանը յիշատակն է Ադամի եւ Եւայի դրախտային կեանքին՝ մարդկային առաջին երջանկութեան, որ կը նկարագրուի «Ծննդոց» գրքի առաջին էջերուն մէջ: Կիրակի օրուան շարականը իր առաջին պատկերին մէջ կը նկարագրէ եւ կը հաստատէ օրուան իմաստն ու նկարագիրը: «Աստուած մարդուն հողեղէն բնութեան մէջ իր պատկերը խառնեց ու զայն փառքով զարդարելէ ետք դրաւ դրախտին մէջ, ուր հրճուանքով կը ցնծար տխրութիւն չճանչցող խնդութեամբ»:

Թէ՝ Աստուածաշնչական ընթերցումին եւ թէ օրուան շարականին մէջ կ’ըսուի, անոնք  գոհ էին եւ զուարթ հոգեվիճակի մէջ:

Օրուան աւետարանական հատուածը առնուած է Մատթէոսի (6.1-21) համարներէն: Դարձեալ կը խօսի պահեցողութեան մասին, այս անգամ զայն յարաբերութեան մէջ դնելով աղօթքի, ողորմութեան եւ բարեգործութիւն կատարելու կարեւորութեան մէջ: Քրիստոս պահքի մասին հետեւեալը կը թելադրէ. «Երբ պահք կը պահես, կ’աղօթես եւ կամ ողորմութիւն կ’ընես, գաղտնօրէն կատարէ այդ բոլորը եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս պիտի հատուցանէ» (Մտ 6.18):

Բուն Բարեկենդանի հիմնական նպատակն է, պահեցողութեամբ եւ աղօթքի ճամբով փրկութեան արժանանալ:

Մեծ Պահեցողութեան շրջանը Աստուծոյ շունչը, Աստուծոյ պատկերը եւ յաւիտենական երջանկութիւնը՝ հոգեւոր կեանքը վերագտնելու եւ վերահաստատելու ժամանակն է: Եկեղեցին Աստուծոյ Նոր պարտէզն է հաստատուած երկրի վրայ, եւ այդ հոգեւոր պարտէզին մէջտեղ կայ Քրիստոս, որ կեանքի եւ «Անմահութեան ծառը», եւ պարտէզէն բղխող եւ հաւատացեալներուն հոգեւոր ծարաւը յագեցնող կենարար գետն է: Եկեղեցին կը շեշտէ պահեցողութեան կարեւորութիւնը, որ հոգեկան ներաշխարհին առողջ պահպանման հրամայականն է: Ինչպէս Քրիստոնէական ընդհանուր եկեղեցին, Հայ եկեղեցին եւս պահեցողութիւնը չի բաժներ աղօթքէն ու ողորմածութենէն:

Պահեցողութիւն, աղօթք, Քրիստոնէական սէր, կամեցողութիւն, ողորմածութիւն եւ բարեգործութիւն հասկացողութիւնները առանցքը կը կազմեն Մեծ Պահքի ճշմարիտ ըմբռնումին: Աղօթելն ու բարեգործութիւնը մեր պարտականութիւնն է: Բայց անոնք, որոնք մոռցած են մարդկային այս հիմնական առաքինութիւնները, Մեծ Պահքը առիթ է անոնց, որպէսզի աղօթքի եւ բարեգործութեան ճամբով օգտակար ըլլան բոլոր անոնց որոնք կարիքաւոր են:

Պահեցողութիւնը Քրիստոնեային համար կեանքի ձեւ մըն է, տուեալ ժամանակի մէջ ապրելու եւ գոյատեւելու իբրեւ ճշմարիտ քրիստոնեայ: Մեծ Պահքի նպատակն է մեղաւոր մարդուն դարձը դէպի Աստուած, հոգեպէս մաքրուելու եւ ապաշխարութեամբ հասնելու փրկութեան:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան