ԲԱՒԱՐԱ՞Ր Է ՄԿՐՏՈՒԻԼ

Աշխարհի մէջ կան մարդիկ, որոնց հետ երբ հանդիպիս, կը զգաս՝ թէ անոնք տարբեր են։ Անոնց աչքերուն մէջ փայլող յոյսը, դէմքին վրայ հանգչող խաղաղութիւնը եւ կեանքին մէջ զգալի Սուրբ Հոգիի ներկայութիւնը կը վկայեն, թէ այս անձերը միայն արտաքուստ չեն որ փոխուած են, այլ՝ ներսէն, էութեամբ վերածնունդ ապրած են։ Անոնք Նոր Մարդ են՝ Քրիստոսով։

Աստուածաշունչը այս ներքին վերափոխումը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ. «ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. Այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ» (Բ Կորնթացիս 5.17)։ Այս խօսքը պարզ յայտարարութիւն մը չէ, այլեւ կանչ՝ խոկալու եւ մտային ու հոգեւոր զարթօնք ապրելու։

Կարեւոր է մենք մեզի հարց տանք, թէ արդեօք մեր կեանքը հոգեւոր աճ կ’արձանագրէ՞, թէ կանգ առած է։ Մանաւանդ նկատի ունենալով, որ Քրիստոնէական կեանքը կանգ չունի․ ան ընթացք մըն է՝ նմանելու Քրիստոսին, նորոգուելու Սուրբ Հոգիով եւ հասնելու աստուածային սիրոյ ամբողջութեան։ Յիսուս ըսաւ. «Կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մատթ. 5.48)։

Շատեր այսօր կը կարծեն թէ մկրտութիւնը ինքնին բաւարար է Քրիստոնեայ դառնալու եւ երկնքի արքայութիւնը ժառանգելու։ Անոնք կը մէջբերեն՝ «Եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել» (Յովհ. 3.5), կամ՝ «Ով որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի փրկուի» (Մրկ. 16.16)։ Սակայն, այս հատուածները պէտք է հասկնալ ամբողջական աստուածաշնչական խորապատկերին մէջ։ Սուրբ Գիրքը կը վկայէ, թէ փրկութիւնը միայն մէկ արարք չէ, այլ՝ անձի ամբողջական վերափոխումը կ’ենթադրէ։

Մկրտութիւնը սկիզբ մըն է՝ սրբագործման ուղիղ ճամբուն մէջ, եւ ոչ աւարտ։ Պօղոս առաքեալ մեզ կը յորդորէ. «Մոռցէ՛ք ձեր հին անձը՝ ձեր նախկին ապրելակերպը… վերափոխուեցէ՛ք ձեր մտածելակերպին մէջ՝ Հոգիով նորոգուելով…» (Եփեսացիս 4.22-23)։

Նոր Մարդը չի ձեւաւորուիր միայն սեփական ճիգերով։ Ան կը ծնի այն պահուն, երբ մարդ ինքզինք յանձնէ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան եւ Աստուծոյ Խօսքին վերակերտիչ ուժին։ Այդպէս է միայն, որ մարդ կը սկսի սիրել այն՝ ինչ Աստուած կը սիրէ, եւ մերժել այն՝ ինչ Աստուած կը մերժէ։ Անոր սիրտը կը փափաքի սրբութեան, իր արժէքները կը փոխուին, եւ ան կը վերածուի սիրալիր, ներող, խոնարհ ու խաղաղասէր անձի մը։

Աստուած մեզի չի կանչեր բարոյապէս բարեփոխուելու համար միայն, այլ՝ ամբողջապէս վերածնուելու։ Քրիստոնէութիւնը սովորութիւն չէ, մշակոյթ չէ, այլ՝ կենդանի փոխյարաբերութիւն մըն է Յիսուս Քրիստոսի հետ։ Ան կը սկսի այն պահուն, երբ մարդը հրաժարի իր հին ինքնութենէն եւ ընդունի Քրիստոսը որպէս Տէր եւ Փրկիչ։ Այդ պահէն ի վեր, ան այլեւս ինք չէ որ կ’ապրի, այլ՝ Քրիստոս է որ կ’ապրի իր մէջ (Գաղատացիս 2.20)։

Եկէ՛ք, իբրեւ հաւատացեալներ, սրտանց ընդունինք այս վերականգնող ճշմարտութիւնը եւ քաջութեամբ ապրինք Նոր Մարդու կեանքը՝ որպէս կենդանի վկայութիւն Քրիստոսի աշխարհիս մէջ։ Թող մեր կեանքը հայելին ըլլայ այն լոյսին, զոր աշխարհը կը փնտռէ եւ մենք վկայենք առաքեալին պէս, թէ՝ «ես չէ որ կ’ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կ՛ապրի իմ մէջս» (Գաղ 2.20)։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան