Բարեխօսութեան Աղօթք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին

Ո՜վ լուսատու հայր, քաջ հովիւ եւ ճշմարտութեան վկայ, միշտ ներկայ եղի՛ր մեր մէջ, ջերմացո՛ւր մեր սառած սրտերը աստուածպաշտութեան եռանդով եւ լուսազարդ պայծառութեամբ գեղեցկացուր սուրբ եկեղեցին, ուրկէ կ’առնենք մեր հոգեւոր սնունդը, կը սորվինք անոր ուղղափառ վարդապետութիւնը: Քու բարեխօսութիւնդ կը խնդրենք, որպէսզի միշտ յիշես մեզ Աստուծոյ Միածինին առջեւ ու օգնես մեզի սրբութեամբ եւ արդարութեամբ  ապրելու մեր կեանքի օրերը: