ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹՈՒԱՅ ՕՐԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏԸ

ԱՒԱԳ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Տերեւազարդ, բայց անպտուղ թզենին անիծելու եւ տաճարը մաքրելու օրն է:

(Թզենին այն ծառն է,որ կը խորհրդանշէ Հին Ուխտի ժողովուրդը, որոնք դարեր շարունակ սպասեցին Մեսիային գալուստը, սակայն երբ եկաւ սպասուած Փրկիչը անոնք մերժեցին եւ մնացին անպտուղ:

ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ

Հրեաներու հարցումներուն, Քրիստոսի բացատրութեան ու փարիսեցիներուն յանդիմանութեան օրն է: Նոյն օրը Երուսաղէմի տաճարին մէջ կը լսուի երկնային ձայնը, տաճարին կործանման գուշակութիւնը եւ Քրիստոսի վերջնականապէս տաճարէն հեռանալը: Եկեղեցին այսօր կը յիշատակէ նաեւ տասը կոյսերու առակը եւ վերջին դատաստանի բացատրութիւնը, ինչպէս նաեւ ջրհեղեղն ու մարդկութեան կրկին սկզբնաւորումը:

ԱՒԱԳ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ

Կը յիշատակուի Քրիստոսի օծումը եւ Յուդայի մատնութիւնը: Այդ օրը Բեթանիայի մէջ, Սիմոն Բորոտին տունը գտնուող կին մը թանկարժէք իւղով կ’օծէ Յիսուսը, որ կը խորհրդանշէ Տիրոջ մօտալուտ մահը:Օծման կը յաջորդէ Յիսուսի մատնելու Յուդայի վճիռը:

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ

Այս առաւօտ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի զոհաբերութիւնը՝ մարդոց փրկութեան եւ մեղքերու թողութեան համար: Վերջին ընթրիքէն ետք եւ Խաչելութիւնէն առաջ Քրիստոս լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը՝ որպէս սիրոյ եւ խոնարհութեան օրինակ: Ոտնլուան նաեւ կը խորհրդանշէ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի մաքրութիւնն ու սրբութիւնը: Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը կատարուի Խաւարում կոչուած արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մատնութիւնն ու չարչարանքները, խորանին վրայ կը վառուին 12 մոմեր, որոնցմէ մէկը սեւ կ’ըլլայ՝ իբր խորհրդանիշ Յուդայի խաւարային մտածումներուն եւ գործերուն, իսկ մեծ մոմ մը՝ Քրիստոսը անոնց կեդրոնը: Իւրաքանչիւր Աւետարանի ընթերցումէ ետք մէկ մոմ կը մարուի, վերջաւորութեան միայն կեդրոնի մեծ մոմը կը մնայ, որ կը խորհրդանշէ աշակերտներու փախուստէն ետք Քրիստոսի առանձին մնալը:

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ

Առաւօտեան ժամերգութիւն կը կատարուի, ուր կը կարդացուին Աւետարաններ, որոնք կը բովանդակեն Յիսուսի երկրային կեանքի վերջին ժամերը՝ մատնութիւնը, ձերբակալութիւնը, Պետրոսի ուրացումները, Պիղատոսի մօտ տարուիլը, մահուան վճիռը, չարչարանքն ու անարգանքը, գողգոթայի վրայ խաչուիլը, արեւի խաւարումը, մահը եւ թաղումը: Աւագ Ուրբաթ պատարագ չի մատուցուիր, որովհետեւ Յիսուս ինքը պատարագուեցաւ խաչին վրայ՝ որպէս կենդանի զոհ:

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ

Քրիստոս իր մահէն ետք իջաւ դժոխք եւ աւերեց զայն՝ փրկութիւն  շնորհելով «ննջեցեալ սուրբերու՝» արդարներու հոգիներուն: Շաբաթ երեկոյեան կը կատարուի Ճրագալոյց, ուր եկեղեցւոյ կանթեղները կը վառուին եւ ներկաներուն մոմ կը բաժնուի զայն վառելու եւ իրենց տուները լուսաւորելու համար: Ս. Գրային ընթերցումներէ ետք, սուրբ եւ անմահ պատարագ կը մատուցուի, բոլոր հաւատացեալները կը  հաղորդուին: Պատարագի աւարտին կը կատարուի նախատօնակ եւ դպիրները «Այսօր Յարեաւ ի մեռելոց Փեսայն անմահ» շարականը կ’երգեն:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան