ԿԱՐԳ ԱՊԱՇԽԱՐՈՂԱՑ

Աւագ Հինգշաբթի, 17 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան, կարգ ապաշխարողաց ժամերգութիւն եւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ կատարուեցաւ: Ս. Պատարագը մատոյց, Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան իսկ Ս. Բարսեղ Հայրապետի աղօթքը կարդաց, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Աւարտին, հաւատացեալներ Ս. Հաղորդութիւն ստացան:
ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ

Երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց եւ Ոտնլուայի կարգը կատարեց, ինչպէս նաեւ, յաւուր պատշաճի քարոզեց: Այս տարուան Ոտնլուայ կատարուեցաւ թիւով 12՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի արիներուն եւ Գ.Ե.Մ.-ի պատանիներուն, որոնք տարուան ընթացքին զանազան առիթներով իրենց կամաւոր ծառայութիւնը կը մատուցեն եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Սարկաւագաց եւ Դպրաց դասերու անդամներուն եւ ուխտաւորաբար ներկաներուն, անխտիր:
ԿԱՐԳ ՉԱՐՉԱՐԱՆԱՑ

Գիշերուան ժամը 8-ին, խաւարման յուզիչ ժամերգութիւն կատարուեցաւ, Յիսուսի դատապարտութիւնը խորհրդանշող եօթը աւետարաններ կարդացուեցան, «Ուր ես մայր իմ» սրտառուչ երգը մեկնաբանեց Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, իսկ օրուան պատգամը փոխանցեց՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան: «Խաչի քո Քրիստոս» շարականի հաւաքական երգեցողութեամբ, Աւագ Հինգշաբթի օրուան խորհուրդը իր լրումին հասաւ ուշ գիշեր: