ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ  ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ Պահոց երկրորդ Կիրակին կը կոչուի Արտաքսման Կիրակի եւ օրուան խորհրդածութեան նիւթը կ’անդրադառնայ մարդու սկզբնական մեղքին եւ անոր անկումին:

Ադամն ու Եւան չպահեցին Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած առաջին «Պահքը» եւ ճաշակեցին «Բարիի ու Չարի գիտութեան պտուղը»:

Արգիլեալ պտուղի ճաշակումը մարդկային կեանքի առաջին մեղքը եղաւ: Ոչ թէ պտուղը չար էր, այլ մարդուն Աստուծոյ չհնազանդիլն էր չարութիւնը:

Անոնք դրախտէն վտարուեցան ոչ թէ մեղանչած ըլլալնուն համար, այլ մեղքը չխոստովանելնուն համար: Ադամ մեղադրեց Եւային. «Այն կինը որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ան զիս խաբեց, ինծի պտուղը տուաւ եւ ես կերայ»: Իսկ Եւան ըսաւ. «Օձը զիս խաբեց, եւ ես կերայ»: (Ծնն 3.13-14):

Դրախտէն արտաքսուիլը ոչ թէ միայն Ադամին եւ Եւային  նիւթական աշխարհի մէջ յայտնուիլը եղաւ, այլ իսկական պատիժը՝ Աստուծոյ Կենդանարար ներկայութենէն զրկուիլն էր:

Արտաքսումը մեզի ցոյց կու տայ, որ մեղքի մէջ ապրող մարդը չի կրնար Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ապրիլ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան