Արարատեան Շաբաթ

Հոգեգալուստէն մեկ շաբաթ ետք, Եղիա մարգարէի յիշատակութեան տօնին յաջորդող երկուշաբթին մեզի կը յիշեցնէ, ազգային եւ  եկեղեցական տօներով  լի փառահեղ շաբթուան սկիզբը, որ  հայոց պատմութեան մէջ «Արարատեան» շաբաթ անուանուած է: Իրադարձութիւններ, որոնք  կը յիշատակուին  այս շաբթուան  ընթացքին, ուղղակիօրէն առնչուած են 301 թուականին. «Հայաստանի քրիստոնէութեան» հաստատման եւ անոր նախորդող պատմական իրողութիւններու հետ, որոնց մանրամասն նկարագրութիւնները մեզի հասած  են Ագաթանգեղոսի բացառիկ եւ արժէքաւոր պատմութեան շնորհիւ: Այդ բոլոր իրադարձութիւնները տեղի  ունեցած  են Արարատեան դաշտի մէջ, որուն պատճառով ալ այդ շաբթուան տրուած է «Արարատեան» շաբաթ անուանումը:

Այս շաբաթը  կը խորհրդանշէ հայոց դարձն ու քրիստոնէական հաւատքի յաղթանակը հեթանոսական կռապաշտութեան վրայ: