Ամենակալին պատգամը Իր ծառային՝ Եսայի մարգարէին միջոցով կը փոխանցուի առաջին
հերթին իր ժողովուրդին, զանոնք խրախուսելով, յուսադրելով եւ քաջալերելով գալիքին՝
պայծառ ապագային հաշւոյն: Այս պատգամը նաեւ կը վերաբերի բոլոր մարդկութեան ու
յատկապէս քրիստոնեայ հաւատացեալին, որովհետեւ մեր հաւատքի Հիմնադիրին՝ Քրիստոսի
գալստեան ու մարդկութեան փրկութեան աւետիսը կու տայ: Աշխարհը, ուր անարդարութիւնը
որպէս չարի ու չարութեան ամենաբարդ եւ «նուրբ» դրսեւորումը, մարդու կեանքին մէջ
ահաւոր հոգեկան թէ ֆիզիքական հիւանդութեան նման կը տարածուի եւ կը սպառնայ
բարոյական բոլոր չափանիշերը կործանելու եւ հաստատելու «անօրէնին թագաւորութիւնը»:
Տէրը փոխաբերական պատկերով մը մէկ կողմէն կը զգուշացնէ չարագործները եւ միւս
կողմէն կը յուսադրէ սրտաբեկները, որովհետեւ «փրկութեան զգեստով» եւ «ուրախութեան
պատմուճանով» հարս-փեսայի ցնծութիւնը ու ճոխութիւնը կը վերահաստատէ երկրի վրայ:
Աւելին, Տէրունական առակին՝ Սերմնացանի նախօրինականին համաձայն կը խոստանայ, եւ
Անոր խոստումը օրհնութիւն է, «հողին մէջ նետուած սերմերը» պիտի ծլին, ծաղկին, աճին
եւ պտղաբերուին՝ արդարութեամբ: Տակաւին, Ան կը յայտնէ թէ՝ արդարութեան
հաստատումը երեւակայական ակնկալիքէ մը անդին, իրականութիւն պիտի դառնայ, եւ
«բոլոր ժողովուրդները ականատես» վկաները պիտի ըլլան Աստուծոյ արդարութեան, ինչ որ
հոգեկան ու հոգեւոր ուրախութիւն պիտի պատճառէ բոլորին:
Մեր հաւատքի կեանքին մէջ յաճախ կ’անդրադառնանք դժգոհութեամբ եւ ցասումով չարին ու
անարդարութեան «յաղթանակը»: Իսկական հաւատացեալը խորապէս կ’անդրադառնայ որ այս վիճակը ժամանակ-աւոր է: Տէրը Իր պատգամներուն ճամբով մեզի տուած է մեր յոյսին
եւ վստահութեան հետեւանքով ըլլալիք եւ ունենալիք վարձատրութիւնը, այսինքն՝ հակառակ
հալածանքներուն, նեղութիւններուն եւ անարգանքներուն ժամանակներու վախճանին,
Արդարութեան Արեգակին կողմէ պիտի վարձատրուինք, միւս կողմէ ժամանակաւոր
նեղութիւնները, նոյնիսկ եթէ ահռելի ցնցումներ պատճառեն մեզի վերջ պիտի ունենան եւ
«այժմ լացողները» ցնծութեամբ ու ներքին գոհունակութեամբ պիտի ուրախանան, իսկ
անոնց ուրախութիւնը Տիրոջմով յաւիտենական պիտի ըլլայ:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան