ԱՍՏՈՒԱԾ ԱԴԱՄԻ ՈՍԿՈՐԻՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԷ՞Ր

Նախորդ յօդուածիս մէջ անդրադարձած էի այն բանին, որ Աստուածաշունչը կը պարունակէ բազմազան
գրական ոճեր՝ բանաստեղծական, ուսուցողական, կենսագրական, մարգարէական, առասպելական եւ այլ։
Սակայն, պատմութեան մը առասպելական ժանրի անունը տալը պէտք չէ որեւէ կերպով կասկածի տակ դնէ
անոր բացարձակ ճշմարտութիւնը։ Արդ, խօսինք այս մասին։

Աստուածաշունչի առաջին էջերը մեզի կը ներկայացնեն ստեղծագործութեան պատմութիւնը. Կը կարդանք
ինչպէս Աստուած եօթը օրերու վրայ ստեղծեց երկինքն ու երկիրը ու անոնց մէջ եղող բոլոր գոյութիւնները։
Սակայն, անոնք աւելին կը պարունակեն, քան պարզապէս աշխարհի ստեղծման քայլ առ քայլ
նկարագրութիւնը։ Այդ էջերը վկայութիւն են Աստուծոյ ստեղծագործ ուժին մասին, Անոր բարիութեան,
մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ առկայ համերաշխութեան, մարդոց եւ բնութեան ներդաշնակութեան, ինչպէս
նաեւ տղամարդուն ու կնոջ փոխյարաբերութեան մասին, որ Աստուծոյ ստեղծագործութեան բնական
հետեւանքն էր, որ յետագային խախտուեցաւ։

Ծննդոց գիրքը մեղքը կը ներկայացնէ իբրեւ այդ ներդաշնակութեան խախտման հիմնական պատճառը։
Մեղքը՝ Աստուծոյ կամքին ու ակնկալիքին հակառակ ըլլալով, մեծ խնդիր մըն է ըստ Ծննդոցի էջերուն։
Ուստի, բառացի հարցադրումները, օրինակ՝ «Իսկապէ՞ս Աստուած Եւան ստեղծեց Ադամի կողէն»,
կորսնցուցած կ’ըլլան իրենց իմաստը, որովհետեւ էական ճշմարտութիւնը այն է, որ Աստուած մեզ բոլորիս
նոյն ոսկորէն ու նոյն մարմինէն ստեղծած է. Կամ «ինչո՞ւ Աստուած այդ արգիլուած ծառը տնկեց»ի պէս ու
նման հարցումներ կը պղտորեն պատմութեան նպատակը։

Առասպելատիպ պատմութիւններուն ճշգրիտ մօտեցումը, կը հաղորդէ անոնց խոր իմաստը. այսնինք՝ երբ
Ադամին կողէն ոսկոր առնելու մասին խօսինք, պէտք չէ զբաղինք «անհամ» հարցումներով, ինչպէս՝
«Ինչո՞ւ Աստուած նոր ոսկոր չստեղծեց» կամ «Աստուած Ադամին ոսկորին կարի՞քը ունէր»։ Եթէ
գիտակցինք, որ նոյն ոսկորէն ու մարմինէն ենք, ապա պիտի սիրենք իրար՝ ինչպէս մենք մեր անձերը կը սիրենք։ Այդ գիտակցութեամբ բռնութիւնները կը դադրին, մարդիկ զիրար պիտի արժեւորեն, խնամեն,
կերակրեն եւ պաշտպանեն։ Այսպիսով, Աստուծոյ ստեղծած ներդաշնակութիւնը կը վերականգնուի։
Ստեղծագործութեան պատմութեան մէջ այս ճշմարտութիւնը երբեք չի նուազիր։ Ծննդոց 1-3 գլուխները կը
վկայեն Աստուծոյ զօրութեան, բարութեան, ստեղծագործ ըլլալուն եւ առատաձեռնութեան մասին։
Կ’ուսուցանեն, որ ստեղծագործութիւնը բարի է, իսկ մեղքը՝ անկարգութիւն, կ՛առաջնորդէ լուրջ
խնդիրներու։

Ծննդոց 1-3 գլուխները մեր հայեացքը կ’ուղղեն եւ կը կեդրոնացնեն փրկութեան վրայ։ Այդ կարեւոր է ոչ
միայն այն պատճառով, որ Ադամն ու Եւան ինկան, այլ որովհետեւ անոնց անկումը խեղաթիւրում է այն
իրականութեան, որ Աստուած իր ստեղծածը վեց անգամ «բարի» եւ եօթներորդ անգամ «շատ բարի» կոչած
է։

Ստեղծագործութիւնը եթէ բառացիօրէն կարդանք, կրնայ ըլլալ արժէքաւոր ճշմարտութիւններ
յայտնաբերենք. սակայն անիկա ընդամէնը մէկ մասնիկն է աւելի մեծ աստուածային ճշմարտութեան։ Այդ
տեսակի պատմութիւնները խորիմաստ են եւ կոչուած են մեզ առաջնորդելու դէպի Աստուծոյ հետ կապը
վերականգնելու։

Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան