Եկեղեցին Քրիստոս զԱստուած կը հռչակէ` հիմնուելով Աստուածաշունչին վրայ, ուր Անոր Աստուածութեան ուղղակի եւ անուղղակի վկայութիւնները բացայայտօրէն կը ցոլան։
Ուղղակի վկայութիւնները անոնք են, որոնք յստակօրէն Յիսուս Քրիստոսը Աստուած կը կոչեն. օրինակ,
- Յովհաննէս առաքեալի գրած աւետարանին նախաբանը կ’ըսէ. «Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր» (Յհ 1.1).
- Բ. Պետրոսի ընդհանրական թուղթին մէջ, Պետրոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ես՝ Սիմոն Պետրոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառան եւ առաքեալը, կը գրեմ ձեզի՝ որ մեր Աստուծոյն եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի արդար տնօրինութեամբը արժանի եղաք մեզի հետ բաժնելու հաւատքը» (Բ. Պտ 1։1-2)։
- Ա. Յովհաննէսի թուղթին մէջ կ’ըսուի. «Ա՛ն է ճշմարիտ Աստուածը եւ յաւիտենական կեանքը» (Ա. Յհ 5։20)։
Իսկ անուղղակի վկայութիւններէն, յիշենք հետեւեալները.-
- «Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի, եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ, որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ» (Մտ 1։22)։ Հոս աւետարանը թէեւ ուղղակիօրէն չըսեր թէ ծնածը Աստուած է, բայց անհերքելիօրէն կը նշէ, թէ Աստուած մեզի հետ պիտի ըլլայ։
- Երբ Յիսուս անդամալոյծ մը կը բժշկէ եւ անոր մեղքերը կը ներէ, Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները կը սկսին իրարու ըսել. «Ո՞վ է այս մարդը, որ կը համարձակի այսպիսի հայհոյութիւն ընել. Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել» (Ղկ 5։21)։ Թէեւ անոնք դժգոհ էին, բայց միաժամանակ կը վկայէին, որ միայն Աստուած կրնայ մեղքերը ներել։
- Յովհաննու աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Այս խօսքին համար Հրեաները առաւել եւս կ’ուզէին զինք սպաննել, որովհետեւ ո՛չ միայն Շաբաթ օրը չէր պահեր, այլ նաեւ՝ զԱստուած իր Հայրը կը կոչէր՝ ինքզինք Աստուծոյ հաւասար ընելով» (Յհ 5։18)։ Հրեաները յստակօրէն հասկցած էին, որ Քրիստոս ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կը նկատէ։
Այս արտայայտութիւնները թէեւ անուղղակի են, բայց Քրիստոսի Աստուածութեան անհերքելի ապացոյցներ կը հանդիսանան։
Իսկ Քրիստոսի Աստուածութեան մեծագոյն ապացոյցը, իր անժխտելի հրաշափառ Յարութիւնն է, որուն համար Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Բ. Կր 15։14)։
Թէեւ Քրիստոսի ծնունդը կը տօնենք, պէտք է յիշենք, որ Ան գոյութիւն ունեցած է ժամանակներէն առաջ։ Որովհետեւ Հօր Աստուծոյ աննիւթական ծնունդն է եւ հաւասար Աստուած է Հօր Աստուծոյ հետ։ Այս մէկը կարելի է բացատրել հետեւեալ պարզ բացատրութեամբ. երբ վառած մոմէ մը ուրիշ մոմ մը կը վառենք, առաջինին լոյսէն ոչինչ կը պակսի. նաեւ, երկրորդ մոմին լոյսը՝ առաջինին լոյսն է. տարբեր չեն իրարմէ՝ նոյն լոյսն են, բայց միաժամանակ կը զանազանուին իրարմէ։ Քրիստոս ալ, Հօր Աստուծոյ լոյսէն ծնած լոյս է՝ առանց Հօր փառքէն եւ ուժէն պակսեցնելու եւ առանց Հօր Աստուծմէն նուազ ըլլալու։
Անոր համար Հաւատամքին մէջ կ’ըսենք «Աստուած ճշմարիտ Աստուծոյ ճշմարտէ», որ կը նշանակէ «Ճշմարիտ Աստուծոյ ծնած ճշմարիտ Աստուած»։
Քրիստոս ժամանակին մէջ սկսած չէ ինչպէս մենք։ Ան միշտ եղած է Յովհաննու Աւետարանին վկայութեամբ, որ կ’ըսէ. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը» (Յհ 1.1)։ Գրիգոր Տաթեւացին կ’ըսէ. «Կը հաւատանք Բան Աստուծոյ, որ անեղ է (այսինքն չէ ստեղծուած), Հօրմէն ծնած եւ սկսած՝ բոլոր ժամանակներէն առաջ. ո՛չ անկէ ետք, ո՛չ ալ անկէ կրտսեր. այլ որքան որ Հայրը Հայր է, նոյնքան ալ Որդին՝ Որդի»։
Հաւատքի տեսական կողմը ճանչնալը անհրաժեշտ է։ Բայց աւելի կարեոր է զայն գործնական կեանքին մէջ ապրիլ։ Արդեօք բաւարար է գիտնալ, որ Քրիստոս Աստուած է, թէ պէտք է այդ հաւատքը մեր հոգիին ու սրտին մէջ արմատ ձգէ եւ Աստուծոյ սիրոյն ներգործութիւնը մեր կեանքին մէջ տեսնենք։
Երբ կը խօսինք, որ Աստուած ամէն բանի ստեղծիչն է, պէտք չէ հոն կանգ առնէ մեր հաւատքի վկայութիւնը. Աստուած մեզ ստեղծեց, ուրեմն մեր գոյութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէ, այլ՝ իմաստ ու նպատակ ունի։ Ո՞ւր է մեր տեղն ու դերը Աստուծոյ ստեղծագործութեան մէջ։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան