Մարդու կեանքին ընթացքին կան պահեր, երբ ամեն ինչ արտաքինէն կը թուի պատշաճ եւ ամբողջական, բայց ներսի աշխարհը՝ դատարկ։ Այդ դատարկութիւնը ոչ փառքը, ոչ դրամը, ոչ մարդկային կապերը չեն կրնար լեցնել։ Այդ դատարկութիւնը Աստուծոյ տեղն է՝ հոգիին խորերուն մէջ։ Եւ միայն Աստուած կրնայ լեցնել այդ վայրը։
Երեմիա մարգարէն կը վկայէ՝ «Ես Տէրս, երկինքն ու երկիրը լեցնողն եմ» (Երեմիա 23.24)։ Եթէ Աստուած կրնայ տիեզերքը լեցնել, բնական է, որ կրնայ նաեւ մեր սրտերը լեցնել։ Այս լեցունութիւնը կը կատարուի Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ. Միքիա կը վկայէ՝ «Ես լեցուած եմ Տիրոջ զօրութեամբ՝ իր Հոգիով» (Միք 3.8)։
Ծարաւ մը՝ զոր աշխարհը չի կրնար հագեցնել
Երկար տարիներէ ի վեր կ’երթանք, կը դառնանք, կը փնտռենք ուրախութիւն, իմաստ, խաղաղութիւն… եւ չենք գտներ։ Կան անհատներ, որոնք Աստուծոյ ծարաւը ունին, կը փափաքին զինք ճանչնալ, բայց չգիտեն, թէ ո՛ր ուղղութեամբ երթան։
Յիսուս՝ Աստուծոյ Որդին, այս ծարաւը տեսաւ եւ հետեւեալ հրաւէրով դիմեց մեզի. «Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ կը հաւատայ ինծի… իր սրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին» (Յովհ. 7.37-38)։
Քրիստոս ոչ միայն կը մարէ ծարաւը, այլ մարդը աղբիւրի մը կը վերածէ, որ ուրիշներու հոգեւոր ծարաւը կը մարի։ Այդ մարդը նման կ’ըլլայ ծառի մը, որ միշտ ջրուած է, առողջ, բեղուն եւ բարեբեր։
Սնունդ՝ հոգիին համար
Բայց Քրիստոսի տուածը միայն ջուր չէ, այլ նաեւ՝ հաց։ Ան կը հաստատէ. «Ես եմ կեանքի հացը» (Յովհ. 6.48)։ Սովորական հացը մարմինը կը սնուցանէ, բայց Քրիստոսի հացը՝ հոգին։
Երբ Յիսուս սովորեցուց աղօթել, ըսաւ. «Մեր ամենօրեայ հացը տուր մեզի այսօր»։ Այս խօսքերը շատ աւելի խոր իմաստ ունին, քան նիւթական հացը միայն. հոս կը խօսուի հոգեւոր սնունդի մասին, զոր միայն Քրիստոս կրնայ տալ։
Մխիթարութիւն՝ վշտացեալ հոգիներուն
Յաճախ մեղքը սուգի կը վերածուի մեր հոգիին մէջ։ Այդ պահերուն, մարդկային մխիթարութիւնները կարճատեւ են եւ մակերեսային։ Միայն Աստուած կ’ըսէ՝ «Ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ» (Ես. 51.12)։ Սաղմոսը կը վկայէ, թէ Ան է՝ որ «կը բժշկէ սիրտով կոտրածները» եւ «կը կանգնեցնէ իյնալու վրայ եղողներուն» (Սղ. 145.14)։
Յայտնութեան գիրքը կը պատկերացնէ Տէրը՝ որ ամէն արցունք կը սրբէ. որովհետեւ Աստուած ո՛չ միայն կը տեսնէ մեր արցունքները, այլ իր ձեռքով կը սրբէ զանոնք։
Քրիստոս՝ մեր Սրտանց Բարեկամը
Քրիստոս չի մօտենար մեզ դատապարտողի, այլ սիրող բարեկամի նման։ Ան մեզ սիրեց՝ մինչեւ խաչ։ Ան ապրեցաւ՝ անօթութիւն, աղքատութիւն, մերժում, ծաղր, խոշտանգում եւ մահով չարչարուեցաւ։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալը կը վկայէ. «Քանի որ ինք ալ չարչարուեցաւ եւ փորձուեցաւ, կրնայ օգնել փորձութեան մէջ եղողներուն» (Եբր. 2.18)։
Քրիստոսի սէրը պայմանաւոր չէ։ Ան չի սպասեր որ կատարեալ ըլլանք՝ Իրեն մօտենալու համար։ Ան կը սպասէ մեզ սրտով ընդունելու եւ կ՛ըսէ. «Ինծի եկողը պիտի չմերժեմ» (Յովհ. 6.37)։
Մեղքը՝ արգելք չէ Աստուծոյ սիրոյն
Շատեր կը զգան, թէ իրենց մեղքերը չափազանց ծանր են՝ Աստուծոյ մօտ երթալու համար։ Բայց Սուրբ Գրիգորը կը յիշեցնէ. «Աստուած մեղաւորին յիշողը չէ, այլ՝ մեղքերը մոռցողը»։ Եսայի մարգարէն կը վկայէ՝ «Ան վիրաւորուեցաւ մեր անօրէնութիւններուն համար» (Ես. 53.5)։
Քրիստոս իր սիրտը չի փակեր, եւ կը սպասէ որ մեր սիրտը բանանք Անոր։ Մեր մեղքերը պատճառ չեն որ ան մերժէ մեզ ընդուիլ։ «Ինծի եկողները պիտի չմերժեմ» (Յհ 6.37) կ՛ըսէ Ան։ Ասիկա իր խոստումն է մեզի եւ ան «իր խոստումներուն հաւատարիմ է» (Ա. Պտ 4.19)։
Վերջապէս, սիրելի ընթերցող, եթէ կը զգաս դատարկութիւն, եթէ հոգիդ ծարաւ ունի, եթէ մեղքը կը ճնշէ քեզ, յիշէ՝ միայն Աստուած ունի պատասխանը։ Ան կրնայ լեցնել, հագեցնել, մխիթարել եւ վերակենդանացնել քեզ։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան