«Որովհետեւ գիտեմ, թէ իմ մեկնումէս ետք յափշտակիչ գայլեր պիտի մտնեն ձեր մէջ, որոնք պիտի չխնայեն հօտին: Ձեր մէջէն եւս պիտի ելլեն մարդիկ, որոնք սխալ բաներ պիտի ուսուցանեն, հաւատացեալները իրենց ետեւէն տանելու համար» (Գրծ 20.29-30):
Գործք Առաքելոց գիրքին հեղինակը՝ Ղուկաս աւետարանիչ, որպէս ուսումնասէր բժիշկ եւ գիտականօրէն հետազօտող, պատմելու ատակ ու ականատեսի վկայութեամբ դէպքերը դասաւորումով ներկայացնող անձնաւորութիւն, կը ձեռնարկէ իր Աւետարանը եւ Գործք Առաքելոց Գիրքը գրել վաթսունական թուականին, նպատակ ունենալով Աւետարանին ջատագովականը կատարել: Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը ուզած են զայն կոչել Սուրբ Հոգիին գիրքը, որովհետեւ այստեղ կը ներկայացուի Անոր էջքը եւ առաքեալներուն ընդմէջէն Անոր գործունէութիւնը:
Գործք Առաքելոց Գիրքը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Պօղոս առաքեալի երեք ճամբորդութիւնները: Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի եկեղեցւոյ երէցներուն հետ իր վերջին հանդիպման առիթով, գիտակցելով թէ դուրսէն «յափշտակիչ գայլեր» եւ անոնց մէջէն եւս մադրիկ եսապաշտական մօտեցումով ու սխալ ուսուցումներով «հաւատացեալները իրե՛նց ետեւէն պիտի տանին», կը թելադրէ՝«Հովուեցէ՛ք Տիրոջ եկեղեցին, որ Ան Իր արիւնով գնեց» (Գրծ 20.28):
Ղուկաս աւետարանիչ պատահականօրէն չէ գրած վերոյիշեալ խօսքերը: Ան թիւրամիտ մարդոց հակաքրիստոնէական ու եկեղեցաքանդ ներկայութիւնն ու եկեղեցակործան գործունէութեան առկայութիւնը եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոնց ներգործականութիւնը կը վկայէ, ինչ որ ցայսօր կը շարունակուի:
Այսօր աղանդաւորական շարժումները իրենց բազմաբնոյթ անուանումներով ու գործունէութիւններով Եկեղեցւոյ կից թէ Եկեղեցիէն հեռու, երկու պարագաներուն ալ անջրդի վայրերու մէջ, դիւային ու յուդայական նենգամտութեամբ կը նիւթեն իրենց բամբասանքները, որոնք ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնան ունենալ քրիստոսահիմն Եկեղեցւոյ, որ Սուրբ Հոգիով կ’առաջնորդուի, առաքեալներու եւ սուրբ հայրերու խօսքերով իր ուղղափառութեան մէջ հաստատ կը մնայ ու Եկեղեցւոյ գլխագիր աւանդութիւններով Քրիստոսը կ’ապրի իր իւրաքանչիւր քայլափոխին մէջ: Աղանդաւորները Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի խօսքին համաձայն «Մահացու դեղ կը խառնեն մեղրի քաղցրութեան մէջ»:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան