ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ԸՍԻՆ ՏԻՐՈՋ. ԱՒԵԼՑՈ՛ՒՐ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ 

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ԸՍԻՆ ՏԻՐՈՋ. ԱՒԵԼՑՈ՛ՒՐ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ

Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Եբր 1.1-14)

«Չէ՞ որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառայող հոգիներ են եւ իր կողմէ կը ղրկուին օգնելու համար անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն» (Եբր 1.14):

Աստուածաշունչը կը վկայէ, թէ «Աստուած իր հրեշտակները ստեղծեց որպէս պատգամաւոր հոգիներ, եւ իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոցի պէս» (Եբր 1.7):

Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հայրերը, հիմնուելով Ծննդոց գիրքի մէջ արձանագրուած արարչագործութեան դրուագին, կը հաստատեն, թէ առաջին օրուան Աստուծոյ ստեղծած «Լոյս»ը նաեւ հրեշտակներն են, որոնք կոչուած են «հրեղէն էակներ»:

Աստուածաշունչը հրեշտակները կը ներկայացնէ իբրեւ երկնայիններ, իսկ մարդ արարածը՝ «հողեղէն էակ», որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն:

Մատթէոս Աւետարանիչ կ’ըսէ, թէ երբ իւղաբեր կիներ Յիսուսի գերեզմանը այցելեցին, յանկարծ «Աստուծոյ հրեշտակը երկինքէն իջնելով՝ գլորեց գերեզմանի մուտքին դրուած քարը եւ նստաւ անոր վրայ: Անոր տեսքը փայլակի կը նմանէր, եւ հագուստները ձիւնի պէս ճերմակ էին» (Մտ 28.2-3): 

Հրեշտակներուն համար գործածուած «փայլակի կը նմանէր» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ անոնց լուսեղէն եւ հրեղէն էութիւնը: Այս իրողութիւնը կ’ապացուցէ անոնց աներեւակայելի արագութեամբ տեղափովուիլը:

Աստուած զանազան ձեւերով կը յայտնուի մարդոց, իսկ հրեշտակները թեւաւոր կերպարանքով կը նկարագրուին: Անոնք Աստուծոյ կամքը կը յայտնեն, իրենց պաշտօնն ու ծառայութիւնը կատարելով, մեծ դերակատարութիւն կ’ունենան մարդոց փրկութեան համար:

Ծննդոց 18-ին մէջ կը կարդանք, որ «երեք մարդիկ» կու գան Աբրահամի մօտ: Անոնցմէ մէկը Տէրը ինքն էր, իսկ միւս երկուքը հրեշտակներ էին: Այս երեքը ոչ միայն կ’երեւէին Աբրահամին, այլ նաեւ միասին կը ճաշէին: Այս իրողութիւնը յստակ մէկ բան ցոյց կու տայ, որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառաները ըլլալով, մարդոց կը փոխանցեն Աստուծոյ կամքն ու պատգամները:

Դանիէլի մարգարէութեան մէջ կը տեսնենք, որ երբ Նաբուգոթոնոսոր թագաւորը առիւծներու գուբէն հանել կու տայ Դանիէլը, անոր վրայ ոչ մէկ վէրքի հետք կը գտնէ: Դանիէլ կը պատասխանէ արքային. « Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց եւ առիւծներուն երախը գոցեց, ու ինծի չվնասեցին. արդարեւ անոր առջեւ իմ վրաս անմեղութիւն գտնուեցաւ.» (Դն 6.22):

Հրեշտակներուն համար կ’ըսուի, թէ «Բազմաչեայ են» (Եզ 1.18): Այս հաստատումը կը պարզէ, որ հրեշտակները ճշմարտութիւնը տեսնելու համար օժտուած են իւրայատուկ եւ խորաթափանց տեսողութեամբ: Անոնք, նաեւ միջնորդ են մեր փրկութեան: Ս. Կոյս Մարիամ, հրեշտակէն իմացաւ մեր Փրկիչին մայր ըլլալու աւետիսը: Հրեշտակները ոչ թէ միայն մեզի կ’օգնեն, այլ նաեւ կ’ուրախանան մեր փրկութեան համար: Այս մասին Յիսուս մեզի կ’իմացնէ. «Աստուծոյ հրեշտակները նոյն ձեւով պիտի ուրախանան մեղաւորի մը համար, որ կ’ապաշխարէ» (Ղկ 15.10):

Այս բոլոր ճշմարտութիւնները ցոյց կու տան, որ հրեշտակներուն էական պարտականութիւնն է մարդոց հոգիներու փրկութեան վերաբերող  աստուածային տնօրինումը իրագործել երկրի վրայ:

Հետեւաբար, բոլորս Շնորհալի Հայրապետի հետ միասին աղօթենք ըսելով. «Բարերար Տէր, զիս բարի հրեշտակի մը յանձնէ, որպէսզի բարութեամբ աւանդեմ հոգիս եւ զայն անխռով անցընեմ դեւերու չարութեան մէջէն, որոնք երկինքի ներքեւ կը գտնուին. Եւ ողորմէ՝ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս»: (Ս.Ն.Շ. Հաւատով խ. 20):

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Ղկ 17.1-10)

Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

-Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ’իյնան: Նախընտրելի պիտի ըլլայ, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր: Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք: Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն: Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ «Կը զղջամ», պէտք է ներես իրեն:

Առաքեալները ըսին Տիրոջ.

-Աւելցուր մեր հաւատքը:

Տէրը ըսաւ.

-Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք եւ ըսէք այս թթենիին.

«Արամատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ» պիտի հնազանդի ձեզի:

-Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը ծառայ մը ունի, որ հողագործ է կամ հովիւ: Երբ ծառան դաշտէն դառնայ եւ տուն մտնէ, տէրը իրեն կ’ըսէ՞ .«Անմիջապէս գնա՛, ճաշդ կեր»: Բնականաբար ո՛չ: Ընդհակառակը, անոր կ’ըսէ. «Ընթրիքս պատրաստէ եւ գոգնոցդ կապէ սպասարկէ՛ ինծի, մինչեւ ընթրիքս վերջացնեմ, անկէ ետք կրնաս ուտել ու խմել»: Կը կարծէ՞ք որ Տէրը իր ծառային երախտապարտ պէտք է ըլլայ իր հրահանգները կատարելուն համար: Չեմ կարծեր: Դուք ալ նոյնպէս, երբ կը կատարէք ինչ որ հրամայուած է ձեզի, ըսէք. «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք»:

«Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ’իյնան» (Ղկ 17.1):

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, Իր տնօրինական կեանքի ընթացքին քարոզեց, բժշկեց, հրաշքներ գործեց, առաքեալներ պատրաստեց եւ առաքեց, մարդկութեան փրկութեան համար Ինքզինք զոհագործեց իբրեւ յաւիտենական քահանայապետ:

Ան եկաւ Օրէնքն ու մարգարէութիւնը կատարելագործելու. «Որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցաւ տրուեցաւ, մինչ շնորհքն ու ճշմարտութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Յհ 1.17):

Օրէնքը կը խօսէր թէ ինչպէ՛ս պէտք է մեղաւորը դատապարտել եւ պատժել, մինչ Յիսուս եկաւ սորվեցնելու թէ ինչպէս պէտք է փրկել մեղաւորը:

Այս աշխարհի վրայ ամէն մարդ հակամէտ է գայթակղելու եւ  մեղանչելու, որովհետեւ այս  աշխարհի մէջ չարը սատանան միշտ պատրաստ է մեզ գայթակղեցնելու, որուն դատապարտութիւնը շատ խիստ ու յաւիտենական պիտի ըլլայ:

Սաղմոսերգու Դաւիթ Մարգարէն մարդկութիւնը կը բնութագրէ ըսելով. «Բոլո՛րը խոտորեցան, միասին անպիտան եղան. ո՛չ մէկ բարիք ընող կայ, ո՛չ իսկ մէկ հատ» (Սղ 14.3): Մարդիկ իրենց մարդկային բնութեամբ, միշտ ենթակայ են սատանային գայթակղութեան եւ այդ պատճառաւ հակամէտ են մեղանչելու, հետեւաբար անկէ պաշտպանուելու համար պէտք է հաւատքով սպառազինուիլ:

Մեր Տէ՛րը Յիսուս կ’ըսէ. «Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք, եւ ըսէք այս թթենիին. «Արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ», պիտի հնազանդի ձեզի» (Ղկ17.6):

Հաւատքով եւ աղօթքով կարելի է պաշտպանուիլ եւ դիմադրել չարին բոլոր մոլորեցնող  յարձակումները: Սրբազան Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ ըսելով. «Հաւատքը ծնունդ կ’առնէ քարոզութիւնը լսելէ. իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ’արթնցնէ՝ երբ Քրիստոսի խօսքերն  են որ կը քարոզուին» (Հռ 10.17):

Բոլոր անոնք որոնք Աստուծմէ եւ Աստուածաշունչէն տարբեր աղբիւրներէ ստացան գիտութիւնը՝ մեղանչեցին, սկսեալ Ադամէն՝ մինչեւ օրերս մոլորեցնող վարդապետութիւնները:

Հաւատքը բարի կեանքով եւ գործերով կ’արտայայտուի. Յակոբոս առաքեալ կ’ըսէ. «Հաւատքը առանց գործի մեռած է» (Յկ 2.26):

Յիսուսի ակնարկած «Անպիտան ծառան», կենդանի օրինակն է այն մարդուն, որ իր ընթացքով եւ կեցուածքով հաւատք կ’արտայայտէ եւ մեղքէն ու գայթակղութենէն հեռու կը մնայ, առաքեալը կ’ըսէ. «Սուրբ Հոգիով առաջնորդուեցէք, փոխանակ մեղանչական բնութեան յատուկ ցանկութիւնները կատարելու» (Գղ 5.16):

Հետեւաբար, սիրելի հաւատացեալ հայորդի, այսօրուան աշխարհի մոլորեցնող եւ գայթակղեցնող, աղմկարար ձայներուն եւ հոսանքներուն հակազդելով, լսենք Տիրոջ ձայնը, հաւատանք, հետեւինք եւ գործադրենք Անոր պատուիրանները, որպէսզի փրկուինք եւ ժառանգենք յաւիտենական կեանքը:

ՏՕՆ  ՍՐԲՈՑՆ ՅԱԿՈԲԱՅ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ, ՄԱՐՈՒԳԷԻ ՃԳՆԱՒՈՐԻՆ  ԵՒ  ՄԵԼԻՏՈՍԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ

Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետ եզակի այն սուրբերէն է, որոնք իրենց անձնուրաց ճգնութեամբ ու ինքնապարսաւ խոնարհութեամբ Տիրոջ կամքով Ս. Հոգիին շնորհքներուն արժանացած են:  Ս. Յակոբ  հայրապետ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հօրաքրոջ՝  Խոսրովուհիի որդին է: Պատմութեան համաձայն, Անակ Պարթեւ՝ Լուսաւորիչի հայրը, դաւով մը կը սպաննէ հայոց Խոսրով թագաւորը: Այնուհետեւ կը պատմուի, թէ ինչպէս հայերը  վրէժխնդրութեամբ լեցուած, կը բնաջնջեն Անակի ողջ տոհմը, որմէ կը փրկուի մանուկ Գրիգորը եւ Յակոբը: Սկիզբը երկուքը կը փախցուին Կեսարիա:

Կեսարիոյ մէջ, Յակոբ քրիստոնէական ոգիով կը դաստիարակուի, ապա շրջան մը հոն մնալէ ետք քոյրը զինք Պարսկաստան կը տանի, սակայն Յակոբ կը նախընտրէ ճգնաւորական կեանքն ու կ’առանձնանայ Մծբին քաղաքի մօտակայ ճգնարանի մը մէջ:

Ս. Յակոբ, լեռներու վրայ կը սնանի վայրի ծառերու պտուղներով եւ բանջարեղէններով. ան ոչ միայն իր հոգին, այլեւ՝ միտքն ու մարմինը կը կազդուրէ եւ կը զօրացնէ Սուրբ Հոգիի կենարար ներգործութեամբ՝ արժանանալով անարատ Սրբութեան մեծ պարգեւներուն: Առիթով մը, Ս. Յակոբ իր ճգնարանէն քաղաք կ’իջնէ, կը զայրանայ շրջանի բնակիչներուն ընթացքէն: Թէեւ անոնք դարձի եկած քրիստոնեաներ էին, սակայն թերահաւատօրէն կը վերաբերէին .«Ջրհեղեղի» եւ «Նոյեան» տապանի պատմութեան հետ:

Այդ ժամանակ, կը վճռէ  Արարատ լեռ բարձրանալ, Նոյեան տապանէն կտոր մը գտնելու, որպէս փաստ, փարատելու համար ժողովուրդին անհաւատութիւնը: Դէպի Արարատ ուղեւորութեան ընթացքին կը յոգնի եւ գլուխը  քարի մը վրայ կը դնէ ու կը քնանայ: Արթննալէ ետք, կը տեսնէ որ հրաշքով  տապանէն մասունք  մը խաչաձեւ դրուած է իր գլխուն վերեւ: Գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, մասունքը առնելով կ’իջնէ քաղաք եւ բազում հրաշքներ կը գործէ: Ապա կ’երթայ Մարուգէ ճգնաւորին մօտ, երկուքով կը ծրագրեն եւ կը գործադրեն, ամէնուրեք  քարոզելով Քրիստոսի Ս. Աւետարանը:

Մարդոց հոգիի աչքերը բանալով կ’աւետեն գալիք փրկութեան մասին:

Մծբինի Մելիտոս Եպիսկոպոսի վախճանումէն ետք, Մարուգէ ճգնաւորին տեսիլքի մը միջոցաւ կը յայտնուի, որ  Մելիտոսի արժանի յաջորդն է Ս. Յակոբ: Այսպիսով Ս. Յակոբ եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի եւ կը դառնայ Մծբինի Հայրապետ:

Ս. Յակոբի ձեռքով բազմաթիւ հրաշքներ եւ բժշկութիւններ կը կատարուի:

Ծերացած ու յոգնած Ս. Յակոբ կը զգայ թէ իր վերջին օրերը կ’ապրի: Սակայն, չնայած իր խոր ծերութեան, չէր դադրեր հեռաւոր տեղերէ իր քով եկած հիւանդները, անկարները եւ բազում ցաւերէ տառապողները բժշկելէ:

Մահուան անկողինին մէջ, իր շուրջ հաւաքուած հաւատարիմ իր աշակերտները եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը, զանոնք կը խրատէ, որ ամուր մնան քրիստոնէական ճշմարիտ իրենց հաւատքին մէջ, եւ կուլ չերթան աշխարհի հոսանքին վաղանցուկ հաճոյքներուն գիրկը նետուելով: Ան կը պատուիրէ Քրիստոսի խաչին զօրութեամբ զինուիլ եւ ամուր հաւատքով դէմ դնել բոլոր տեսակի չար մոլութիւններու:

Անոնց կ’ըսէ.

«Այս աշխարհը խաբող է ու անխիղճ: Աւետարանի լոյսը թող ձեր կեանքի քայլերը առաջնորդէ: Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ներկայութիւնը միշտ զգացէք ձեր մէջ: Անոր սէրը թող գոտեպնդէ եւ միացնէ ձեզ առաւել կեանքի մը գրաւականով, յոյսով եւ զոհաբերութեան ոգիով, որպէսզի ձեր կեանքը ըլլայ երկար եւ ձեր վարձքը երկնքի մէջ՝ արդար»:

«Որպէս կտակ, ամուր պահեցէք Քրիստոսի նահատակներու արեամբ գնուած սուրբ եկեղեցին, որ հաւատքի խորանն է եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը ձեր մէջ»:

«Որպէս մարմին կը բաժնուիմ հիմա ձեզմէ, բայց միւս բոլոր սուրբերուն նման ձեր մէջ կը բնակիմ եւ պատրաստ՝ օգնութեան հասնելու Քրիստոսի սիրով ապրող բոլոր հոգիներուն եւ օգնութիւն աղերսող յուսալից սրտերուն»:

Ապա ժպտադէմ, օրհնելէ ետք բոլոր ներկաները, կ’աւանդէ հոգին, մեծ սուգի մատնելով հաւատացեալները:

Սուրբ Յակոբ Մծբնացիի մարմինը մեծ երկիւղով եւ բարեպաշտական խոր յարգանքով  Մծբինի մէջ կը թաղուի:

Տէրը Ս. Յակոբին միջոցաւ բազմաթիւ հրաշքներ գործած է: Անոնցմէ ոմանք զարմանք եւ երկիւղ յառաջացուցած  են Սուրբին հաւատացող մարդոց:

Ս. Յակոբի գրիչին կը պատկանին աստուածաբանական, կրօնական եւ բարոյախօսական ճառեր եւ գրութիւններ: Ս. Գրիգոր Նարեկացի անոր նուիրած է «Յաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ» շարականը:

Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը սէր ու յարգանք տածած է Սուրբին եւ ի յիշատակ անոր եկեղեցիներ կառուցած է:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան