
Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2025-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդը։ Սուրբ Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան, իսկ յաւուր պատշաճի քարոզեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղելով իր հոգեպարար խօսքերը։

Պատարագին աւարտին, ՀՕՄ-ի խնդրանքով, կատարուեցաւ հոգեհանգիստ՝ ի յիշատակ Եգիպտոսի, Եթովպիոյ եւ Սուտանի հայ համայնքներու ննջեցեալներուն, ինչպէս նաեւ մատղի օրհնութիւն՝ ի խաղաղութիւն եւ լուսաւոր յաւերժութիւն անոնց հոգիներուն։

