Կիրակի, 2 Փետրուար 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն ներս, կիրակնօրեայ Ս. եւ Անմահ Պատարագին:
Աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան նորօք վախճանեալ Հոգելոյս Տէր Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի հոգւոյն խաղաղութեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետն ու անդամները, որոնք յատուկ առաքելութեամբ եկած էին Թորոնթօ: