Առաջաւորաց Պահքը հաստատուած է Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի կողմէ: Մեզի
հասած պատմական տեղեկութիւններուն համաձայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն
ելլելէ ետք, ամբողջ Հայաստանի մէջ քարոզելէ եւ Տրդատ թագաւորը բժշկելէ վերջ, կը
պատուիրէ բոլորին հինգ օր ծոմ պահել, որուն շնորհիւ բոլորն ալ կ’ազատին իրենց
հոգեկան եւ մարմնական ախտերէն, որմէ ետք կը մկրտէ բոլոր ժողովուրդը եւ
պալատականները:
Առաջաւորաց Պահքը իր բնոյթով ամէնէն խստակեացը կը համարուի: Ան ժողովրդական
բացատրութեամբ աւանդութիւն դարձած է կոչել Ս. Սարգիսի Պահք, քանի որ Առաջաւորաց
Պահքի յաջորդող շաբաթ օրը Հայ Եկեղեցին կը նշէ Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը (որովհետեւ
Ս. Սարգիս նահատակուած է Առաջաւորաց Պահքի առաջին օրը Պարսից Շապուհ արքայի
կողմէ): Ուստի Առաջաւոր կը կոչուի ոչ թէ սուրբին նահատակութեան պատճառով, այլ
վերեւ յիշուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ: Առաջաւորաց Պահքը, Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, կու գայ Մեծ Պահքէն երեք շաբաթ առաջ եւ յատուկ է մեր Եկեղեցւոյ:
Հայ Եկեղեցին տէրունի տօներէն, սուրբերու յիշատակութիւններէն բացի ունի նաեւ
ապաշխարութեան կամ պահոց շուրջ 158 օրեր: Պահոց օրերը իրենց կարգին երեք Տեսակ
են՝.
1-Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ
2-Շաբաթապահք՝ Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ, բացի Ծննդեան պահքէն (եօթը օր),
մնացած շաբաթապահքերը՝ Առաջաւորաց, Եղիական, Լուսւորիչի, Վարդավառի, Ս.
Աստուածածնայ Վերափոխման, Խաչվերացի, Վարագայ Խաչի, Ս. Յակոբի:
3-Յատուկ պահքեր. Մեծ պահք եւ Յիսնակ:
Տաթեւ Ա. Քհնյ.Միքայէլեան