Երբ օր մը Յիսուս շրջապատուած էր զինք լսող մարդոցմով, իրեն տեղեակ պահեցին, թէ իր մայրն ու եղբայրները ժամանեցին եւ կ’ուզեն զինք տեսնել. Յիսուս ըսաւ. «Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն» (Ղկ 8.21)։ Յիսուսի տուած այս պատասխանը, թող հրաւէր մը ըլլայ մեզի այսօր խոկալու եւ հարց տալու, եթէ մենք կը պատկանի՞նք Քրիստոսի կամ ոչ. Մենք զմեզ իրաւունք կու տա՞նք Անոր մայրը կամ եղբայրը սեպելու։
Սակայն, այս հարցումին պէտք չէ միայն զգացական մօտեցումով պատասխանել. Մեր զգացումը տարբեր բան կրնայ ըսել, իսկ գործը՝ այլ բան. Անոր համար, Յիսուս կը շեշտէ, որ Աստուծոյ խօսքը լսողները եւ գործադրողներն են, իր ընտանիքին պատկանողները։ Եթէ դուն քեզ Յիսուսի եղբայրը կը նկատես, առանց Անոր խօսքերը լսելու եւ գործադրելու, խաբկանքի մէջ կը գտնուիս։
Պօղոս առաքեալ, Յիսուսին նուիրուած առաքեալը, կ’ըսէ. «Ես Յիսուսի կը պատկանիմ, ինչպէս մարմինիս վրայ վէրքերուն սպիները կը վկայեն» (Գղ 6.17)։ Պօղոս առաքեալ իր կրած Ֆիզիքական չարչարանքներուն եւ անոնց ձգած հետքերուն է որ կ’ակնարկէ։ Աշուշտ, կեանքի մէջ մէկը չկայ որ չի չարչարուիր, չի տագնապիր եւ չի յոգնիր։ չարչարանքը մեզի Քրիստոսի պատկանող չի դարձներ. Որովհետեւ, կարեւորը չարչարուիլը չէ, այլ թէ ինչո՛ւ կը չարչարուինք։ Առաքեալը կը հաստատէ թէ ինք Քրիստոսի պատկանած ըլլալուն համար կը չարչարուի։ Գալով մեզի, մենք ինչո՞ւ կը չարչարուինք. Քրիստոսի համար, թէ՝ Քրիստոսէ հեռու ըլլալնուս համար։ Առաքեալին ապրած կեանքը, խօսքն ու գործը, մինչեւ անոր մարմինին վրայ գոյութիւն ունեցող «վէրքերուն սպիները կը վկայեն» որ ինք Քրիստոսի զաւակն է։ Քրիստոնեայ մարդուն կեանքը, գործը, խօսքը եւ Քրիստոսի անունին համար անոր կրած բոլոր նեղութիւնները կու գան ապացուցանելու որ ինք Քրիստոսի կը պատկանի։
Սէր կը ցուցաբերե՞ս քեզ ատողներուն նկատմամբ, կը համբերե՞ս զրկանքներու եւ նեղութիւններու, կ’աշխատի՞ս Քրիստոսի փրկութիւնը տարածել ամէնուրէք. ասոնց շարքը կրնայ երկար ըլլալ. Բայց ասոնք են ապացոյցը եւ վկայութիւնը, որ մենք Քրիստոսի կը պատկանինք։ Քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ ծնիլը, քրիստոնեայ անուն կրելը, մկրտուիլը, երբեք չեն երաշխաւորէր որ մենք Քրիստոսի հետեւորդներ ենք, եթէ անոնց չենք միացնէր գործ դարցած մեր հաւատքը։ Քրիստոս պարզապէս անուն մը չէ որ պէտք է կրել, այլ՝ ապրուող իրականութիւն մը։ Քրիստոս սէ՛ր է եւ այդ սիրոյ մէջ պէտք է աճիլ։ Քրիստոս կեա՛նք է եւ այդ կեանքը պէտք է ապրիլ։ Ան մեր մեղքերը սրբելով մեզի նոր կեանքը, «առաւել կեանքը» պարգեւեց (Յհ 10.10)։ Կ’ապրի՞նք այդ նոր կեանքը՝ «առաւել կեանքը», որ աստուածորդիին կեանքն է՝ անմեղութեան եւ սրբութեան, սիրոյ եւ ներողամտութեան, յարատեւ աղօթքի եւ համբերութեան, ներքին խաղաղութեան եւ երջանկութեան, յաղթանակի եւ նուաճումի։
Միթէ մեր ազատ կամեցողութիւնը չէ՞ ժպիտ եւ ուրախութիւն, համբերութիւն եւ ազնուութիւն, խոնարհութիւն եւ հեզութիւն, քաղցրութիւն եւ գութ ցուցաբերել։ Մենք չե՞նք որ կ’որոշենք ատել սիրելի փոխարէն։ Յովհաննէս կ’ըսէ. «Մենք գիտենք՝ թէ մահէն կեանքի անցած ենք. ապացոյց՝ որ մեր եղբայրները կը սիրենք» (Ա. Յհ 3.14)։
Դուն կրնաս Յիսուսի ընտանիքին անդամ դառնալ. Երաշխիքը՝ ապրած կեանքդ է։ Ունի՞ս ապացոյց թէ դուն Քրիստոսի կը պատկանիս։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան