ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ 71-ՐԴ ԺՈՂՈՎ

Շաբաթ, 1 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անդամական 71-րդ ժողովը կայացաւ, հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, նախագահութեամբ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպտ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի:

Ժողովին բացումը աղօթքով կատարեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան. Տէր Հայրը բարի երթ մաղթեց ժողովականներուն եւ թելադրեց, որ շինիչ առաջարկներով հարստացնեն ժողովի ընթացքը, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյնի խօսքը կարդաց Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Յարութ Գասապեան: Ժողովը իր կանոնագրային ընթացքը ստացաւ դիւանի ընտրութեամբ: Ատենապետ ընտրուեցաւ Տիար Յարութ Մաթոսեան, իսկ ատենադպիր՝ Տիկ.Աննա Տէր Յակոբեան:

Եկեղեցւոյ անդամական ժողովը, լսելէ ետք նիւթաբարոյական տեղեկագրերը, յոյժ գնահատեց կատարուած հոգեւոր եւ վարչական գործունէութիւնը, յատկապէս արարողական, քարոզախօսական, «Եկեղեցի» եւ «Հովիւի Ձայն» շաբաթական պարբերաթերթի հրատարակումի, կիրակնօրեայ դպրոցի «Նորածիլ Հաւատք» երկամսեայ թերթի 6 թիւերու անխափան հրատարակումը, «Ամառնային Ս. Գրքի» ճամբարի իրագործումը, Սարկաւագաց եւ դպրաց դասերու թիւի աճը, Զարեհ Ազնաւորեան եւ Մեղրիկ բարիքեան կրտսերաց դպրաց դասերու Ս. Պատարագի եւ այլ առիթներով կատարած ելոյթները եւ ընդհանրապէս կամաւորներու կատարած ծառայութիւնները:

Ժողովը գնահատեց նաեւ Հոգաբարձութեան գործունէութիւնը, կատարուած շինարարական կարգ մը աշխատանքները, յառաջիկայ ամիսներու ծրագրուած եկեղեցւոյ երդիքի, ջերուցումի շարժակի, կատարուելիք նորոգութեանց, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձութեան անսակարկ եւ աշխոյժ գրծունէութիւնը զանազան մակարդակներու վրայ:

Ժողովի աւարտին, ընտրութիւն կատարուեցաւ. 2025-2026 Տարեշրջանի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգաբարձական կազմին պատկերը հետեւեալն է՝

Տոթք. Գրիգոր Սրկ. Պէպէճեան

Սիլվանա Պապիկեան

Արմենակ Գալուստեան

Գրիգոր Արթինեան

Գարօլ Խանամիրեան

Արթիւր Սրկ. Սէրգիս

Կարօ Սրկ. Սարգիսեան

Տարօն Կիս. Սրկ. Տէրտէրեան

Սարգիս Սրկ. Կիտանեան

Իսկ 2025-2026 Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ երեսփոխաններու պատկերն է՝

Գրիգոր Շիթիլեան

Յարութ Մաթոսեան

Ռաֆֆի Սրկ. Սարգիսեան

Թամար Օհաննէսեան

Թալին Քըլըպօզեան

Տոթք. Ռազմիկ Սրկ. Պէպէճեան

Հուրի Նաճարեան

Նազար Չաթալեան

Յարութիւն Գասապեան

Աւարտին, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Հայր Սուրբը իր գնահատանքը յայտնեց ժողովի դիւանին, հաշուեքննիչ, արխիւային, ընտրողական, ինչպէս նաեւ բանաձեւի յանձնախումբերու գործունէութեանց, ապա պահպանիչ աղօթքով փակումը կատարեց 71-րդ անդամական ժողովին: