ԱՆԱՌԱԿԻ  ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ Պահքի երրորդ կիրակին մեզ դուրս կը հանէ նախորդ կիրակիներու Հին Կտակարանի պատումէն եւ դէմ յանդիման կը դնէ Նոր Կտակարանի ուսուցումներուն:

Այս եւ յաջորդ  երկու կիրակիները իրենց անունները կ’առնեն օրուան աւետարանական գլխաւոր առակներէն:

Այս առակը իր մէջ կը խտացնէ Աւետարանի հիմնական եւ կարեւորագոյն ուսուցումները, ուր կը տեսնենք հայրը, որ կը ներկայացնէ Աստուծոյ հայրութիւնը եւ Անոր անսահման սէրը իր զաւակներուն հանդէպ, մանաւանդ ապաշխարութեամբ դարձի եկող զաւակներուն:

Առակը կը սկսի երջանիկ ընտանիքի մը երջանիկ կրտսեր զաւակին պատմութիւնով: Երջանկութեան բոլոր պայմանները կ’ամբողջանար այս տղուն մօտ: Պատուաւոր, յարգուած եւ հարուստ հօր մը տան մէջ կ’ապրէր ան: Սակայն երջանիկ եւ դրախտային կեանքը երկար չի տեւեր: Սատանան՝«օձ»ը, ինչպէս խաբած էր նախամարդը, նոյնպէս կը մօտենայ այս տղուն  եւ կասկածի տակ կը դնէ անոր երջանիկ կեանքը: Այն օրէն տղուն մէջ կը սկսի չարի ու բարիի պայքարը, ինչպէս բնութեան մէջ լոյսը կը պայքարի խաւարին դէմ, տղուն պարագային սակայն չարը կը յաղթէ, որովհետեւ բարին կը քնանար իր մէջ: Աստիճանաբար, նախ կասկած յառաջացնելով Աստուծոյ խոստումին, ապա՝ հաւատալով չարին: Վերջ ի վերջոյ կը գովէ կեանքի վնասակար վայելքները ու արտաքին երեւոյթները: Այսպէս եղած է եւ  տակաւին  է, սատանային գործելակերպը:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան