Աղօթք Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին

Ո՜վ Քահանայապետ Աստուծոյ,

մեծ խոստովանող Քրիստոսի և քարոզող ճշմարտութեան,

հաւասարդ Առաքեալներուն,

Երանելի Սուրբ Հայր Գրիգոր,

Աստուծմէ ընտրուած՝

Հայոց լուսաւորութեան և ճշմարիտ գիտութեան համար:

Երեւելի ես վարքովդ,

նշանաւոր՝ իմաստութեամբդ,

զարմանալի՝ հրաշագործութիւններովդ:

Ո՜վ երանելի ծառայ Աստուծոյ,

Կը խնդրենք քու բարեխօսութիւնդ:

Խոնարհութեամբ կը խնդրենք,

որ բժշկես տանջահար հոգիս,

որ առաքինութիւններէ զուրկ  է,

շնորհքներէ  դատարկ

եւ բազում մեղքերով արատաւորուած:

Օգնէ՜ խեղճացած հոգիիս,

ո՜վ երջանիկ Աստուծոյ Սուրբը,

որ աստուածամերձ վարքովդ,

քաղցրաբուխ հորդորներովդ,

առաքելաշնորհ քարոզչութեամբդ

այնքա՜ն բազմութիւններու, սերունդներու

սրտերը լոյսով լուսաւորեցիր,

աստուածպաշտութեան ոգիով վառեցիր

եւ յաւիտենական երջանկութեան հասցուցիր:

Օգնէ՜ մեզի, ո՜վ Սուրբ Հայր,

թող որ խոնարհուի՜ն ականջներդ մեր պաղատանքներուն:

Առջեւդ ինկած՝ կը խնդրենք հզօր բարեխօսութիւնդ,

որ Աստուծմէ շնորհքներ խնդրես մեզի համար՝

դուրս ելլելու մեղքերու տիղմէն,

բժշկելու  մեր  հոգիները

եւ առաքինութիւններով զարդարելու:

Խնդրէ՜ Աստուծմէ, ո՜վ երանելի Սուրբ Գրիգոր,

որ խաղաղութիւն պարգեւէ  Սուրբ Եկեղեցւոյ,

մեր մէջ տարածուած  վատ սկզբունքներն ու մոլորութիւնները,

վերացնէ հերձուածները,

Սուրբ Հոգիով լեցնէ:

Եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն  եւ հաւատացեալներուն սէր ու միաբանութիւն շնորհէ։

Ամէն

Հայր Գրիգոր Վրդ. Գովրիկեան

Վիեննա, 1887