Նայէ՛ երկինքէն, տ՛ես քու սուրբ եւ շքեղ բնակութենէդ:
Ո՞ւր են քու նախանձախնդրութիւնդ ու զօրութիւնդ, Քու ընդերքիդ ալեկոծիլը եւ ողորմութիւններդ. միթէ դադրա՞ծ են ինծի հանդէպ:
Որովհետեւ դո՛ւն ես մեր Հայրը, թէպէտ Աբրահամ մեզ չի գիտեր, եւ Իսրայէլ մեզ չի ճանչնար. Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր Հայրն ես, Քու անունդ միշտ եղած է «Մեր Փրկարարը»:
Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ մեզ քու ճամբաներէդ կը մոլորեցնես, ինչո՞ւ մեր սիրտը կը խստացնես, որ քեզմէ չվախնանք:
Դարձի՛ր քու ծառաներուդ, Քու ժառանգութեանդ տոհմերուն սիրոյն համար:
Սուրբ ժողովուրդդ քիչ ատեն տիրացաւ իր ժառանգութեան. Մեր հակառակորդները քու սրբարանդ կոխկռտեցին: Մենք նմանեցանք անոնց՝ որոնց վրայ դուն երբեք տիրած չես, եւ քու անունովդ կոչուած չեն:
Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ կ’ըսէ.«Առաքինութիւններու մէջ չկայ մեզ Աստուծոյ նմանցնող այլ երեւոյթ, որքան՝ ողորմութիւնը: Տիրոջ խօսքին համաձայն, նմանող եղէք ձեր երկնաւոր Հօր, որ Իր արեւը հաւասարապէս կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ բարիներուն վրայ»: Ուրեմն, Սուրբ Գրային եւ Եկեղեցւոյ հայրերու խօսքերուն հետեւելով կ’եզրակացնենք, որ ողորմութիւնը սիրոյ ծննդարար առաքինութիւն է:
Ողորմածութիւնը յաճախ մեզի մոռցնել կու տայ մեր անձերը եւ զայն դուրս կը բերէ նեղ պարունակի սահմնաններէն, հասցնելու համար համամարդկային եւ մնայուն արժէքներու: Ինչպէս պատահեցաւ բարի Սամարացիին, որ անյիշաչարօրէն օգնեց իր թշնամիին: Բարի Սամարացին այսպիսով փաստեց, որ ինք ոչ միայն մարդասէր մըն է, այլեւ՝ աստուածասէր: Աստուածասէր է այն, որ ծարաւին ջուր, մերկին հագուստ եւ անօթիին հաց կու տայ: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ թէ երբ ողորմութիւն կատարես՝ Տիրոջ ողորմութեան կ’արժանանաս:
«Տիրոջ Փառաւոր գործերը»
Տիրոջ փառաւոր գործերը յիշել կը նշանակէ յիշել գոյութիւն ունեցող ամէն ինչ՝ երեւելի թէ աներեւոյթ: Այլ խօսքով՝ ստեղծագործութեան ամենէն փոքր հիւլէէն մինչեւ ամենամեծ զանգուածը:
«Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ» (Սղ 19.1), տող մը որ ըստ ինքեան կը խտացնէ աստուածային կատարելութեան եւ անսահմանութեան փաստը: Ուստի, ինպէս չյիշել Անոր փառաւոր գործերը, որոնց մաս կը կազմէ փոքր «տիեզերք» մը՝ մարդը իր հրաշալի էութեամբ:
Ամենակալ Աստուած, ամենուրէք ներգործող եւ «ամենայն յամենայնի», այսինքն՝ չկայ տեղ մը որ գոյութիւն չունենայ: Ուստի երբ Իր փառաւոր գործերը կը յիշենք, զԻնք յիշած կ’ըլլանք, որովհետեւ Աստուած Սէր է, եւ Իր գործերն ալ սիրոյ բխումն են: Ի վերջոյ Աստուծոյ փառաւոր գործերը յիշել կը նշանակէ յիշել մեր նմաններն ու մեր անձերը, որովհետեւ Աստուծոյ ստեղծագործութեան թագն ու պսակը մարդն է:
Արդ, յիշելով Աստուծոյ փառաւոր գործերը, յիշած կ’ըլլանք նախ զԱստուած, յետոյ՝ համայն ստեղծագործութիւնը եւ ի վերջոյ՝ մարդը: Աղօթենք անոնց անքակտելի սիրոյ, ներդաշնակութեան եւ բարութեան համար, ահա այս երանութեան մասին էր որ Յիսուս խօսեցաւ:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան