ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ LEGO ԵՒ ԱՆԳԼԷՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Գանատայի Հայոց Թեմը՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի բարձր հովանաւորութեամբ, կը շարունակէ Արցախահայ երեխաներու համար իր նախատեսած Արցախահայութեան համար ծրագիրները։

🇦🇲Արցախահայերու համար LEGO եւ անգլերէն լեզուի ուսուցման ծրագիրը կը շարունակուի Երեւանի մէջ մեծ սիրով ու նուիրուածութեամբ, համագործակցութեամբ Big Mind Kids կազմակերպութեան։

Մեր երեխաները անգլերէնը կ’ուսումնասիրեն խաղով, ստեղծագործական ու հաղորդակցական մեթոտներով՝ փորձառու ուսուցիչներու հսկողութեամբ։ Այս ծրագիրը կարեւոր է, որպէսզի Արցախահայ երեխաները անջատուին իրենց կրած դժուարութիւններէն եւ իրենց միտքը կեդրոնացնեն նոր աշխատանքներու վրայ։

✨Լեզուի ուսուցման հետ միատեղ, անոնք ներգրաւուած են LEGO-ի կրթական նախագիծերու մէջ, որոնք կը զարգացնեն իրենց տրամաբանութիւնը, համագործակցութեան հմտութեան կարողութիւնները եւ ստեղծագործ միտքը։

🌟Մեզի համար կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր երեխայ ինքզինք զգայ ապահով, վստահ ու ոգեշնչուած՝ սորվելու եւ ինքնադրսեւորուելու համար։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ