ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՄԱԳԻԾԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ*

Ե. Եկեղեցին՝ Ճգնաժամերու Ժամանակ

Պատմութիւնը փորձած է հայ ժողովուրդը բազմաթիւ ճգնաժամերով, եւ ամէն անգամ եկեղեցին գտնուած է գոյատեւման պայքարի կիզակէտին ու պայքարի ռահվիրան:

Սելճուքների եւ Մոնկոլների յարձակումներու ժամանակ, վանքերը դարձած են մշակութային կեդրոններ եւ ապաստանարաններ։ Ձեռագրերը կրկնօրինակուած եւ խնայուած են, կրթութիւնը պահպանուած, անգամ երբ գիւղերը կործանած են։ Հակառակ քաղաքական ծանր ու դժուարին պայմաններուն, այդ դարբնոցներուն, ճգնարաններուն մէջ ստեղծուեցան մեր գրչագրութեան, մանրանկարչութեան, երաժշտական եւ ծիսական արուեստներու, պատմագրութեան, փիլիսոփայութեան ու հոգեւոր գեղարուեստական գրականութեան լաւագոյն ստեղծագործութիւնները, կառուցուեցան ճարտարապետական կոթողներու, վանքերու մեր հիասքանչ նմոյշները: Ի՞նչ կը մնայ մեր մշակոյթէն ու մատենագրութենէն եթէ չըլլային Խորենացին, Մաշտոցը, Դրասխանակերտցին, Լաստիվերցին, Շիրակացին, Նարեկացին, Տաթեւացին, Շնորհալին, Գրիգոր Մագիստրոսը, Ուռհայեցին, Սեբիոսը, Լամբրոնացին, Աշտարակեցին, Մանդակունին, Ջուղայեցին, Օձնեցին, Կաղանկատուացին, Ոսկեդարով սկսած եւ շարունակուած պատմիչներու, թարգմանողներու եւ գրիչներու գործերը մինչեւ Առաքել Դաւրիժեցի, Ստեփանոս Օրբելեան, Զաքարիա սարկաւագ, եւյլն մինչեւ Կոմիտաս, Օրմանեան եւ Լուսաւորութեան ու Զարթօնքի շրջանը, հասնելով մինչեւ մեր ժամանակներու հայրապետներն ու մտքի անխոնջ նուիրեալները: 

Փակագիծ մը բանալով նշեմ, որ մեր մատենագիրներն ու պատմիչները չեն բաւարարուած միայն հոգեւոր գրականութեամբ, շարականներու ու ծիսական-աստուածաբանական գրականութեամբ, այլեւ մշակած ու ժառանգած են հարուստ քերթողական-բանաստեղծական տաղասացութիւն, առակագրւթիւն եւ օրէնսգիտական ու կենսագրական գրականութիւն, յիշելու համար մի քանիները ինչպիսին էր՝ Մկրտիչ Նաղաշը, Յովաննէս Թլկուրանցին, Ֆրիկը, Առաքել Բաղիշեցին, Նահապետ Քուչակը, Ներսէս Շնորհալին, Նաղաշ Յովնաթանը, Մխիթար Գօշն ու Վարդան Այգեկցինեւ ուրիշներ: Անցնինք: 

Կիլիկեան ժամանակաշրջանին, 12-14րդ դարերուն, Կաթողիկոսական Աթոռի՝ Հռոմկլայի թէ Սիսի մէջ ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ քաղաքական դեր են ստանձնած, դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակելով Եւրոպայի, մասնաւորաբար Պապական Աթոռին հետ:

Օսմանեան տիրապետութեան օրերուն, հայերը ենթարկուեցան բազում ճնշումներու, դարձան օտարներ իրենց իսկ հողին վրայ։ Սակայն, միլլէթ համակարգը (իմա՝ համայնքային դրութիւնը) եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը Պատրիարքին արտօնեցին եկեղեցւոյ ծառայել ոչ միայն կրօնական, այլեւ քաղաքական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններով Օսմանեան Կայսրութեան հայ բնակչութեան վրայ։ Պատրիարքները ներկայացուցած են հայ ժողովուրդը սուլթաններուն դիմաց։ 1863-ին, Սուլթանին կողմէ վաւերացուած Ազգային Սահմանադրութիւնը իր ժողովրդավար հիմունքով աւելի լայն իրաւասութիւններ պիտի տար ընտրուած ներկայացուցիչներով ազգային կեանքը վարելու գործը հոգեւորականին նաեւ աշխարհականին ալ իրաւասութիւններ տալով, սահմանադրութիւն մը որ կը գործէ մինչեւ այսօր մեր սփիւռքեան համայնքային կեանքին մէջ: 

Գերագոյն ողբերգութիւնը անշուշտ 1915 թուականն էր՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Օսմանեան կառավարութիւնը ոչ միայն արմատախիլ ըրաւ հայ ժողովուրդը իր բնօրրանէն, բնաջնջեց 1.5 միլիոն հայ, այլ նաեւ կոտորեց հայ հոգեւորականութեան առիւծի բաժինը՝ մօտ 4000 կղերականներ, կործանեց վանքերն ու եկեղեցիները, հոգեւոր եւ մշակութային մեր ողջ ժառանգութիւնը, չխնայելով ո՛չ Առաքելականը, ո՛չ Կաթողիկէն, ո՛չ ալ Բողոքականը:  Թիրախը՝ նաեւ Հայ Եկեղեցին էր, քաջ գիտակցելով, որ եկեղեցին ազգին բաբախող սիրտն է։

Բայց, վերապրողները կրկին կառուցեցին իրենց կեանքը։ Գաղթական հայը, ուր որ գնաց, հոն ուր որ հաստատուեցաւ հիմնեց եկեղեցի, դպրոց, մշակութային կեդրոն, մամուլ եւ ակումբ։ Սփիւռքի հայկական գաղութներու ձեւաւորման գործը մեծապէս կատարուեցաւ եկեղեցւոյ ճամբով, դպրոցաշինութեան, մշակութային կեանքի զարգացման եւ հոգեւոր-իմացական ու ընկերային ծառայութեան ճամբով: 

Առանց մոռնալու Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանը, երբ համայնավարութիւնը կը փորձէր քանդել ազգին յենասիւնը՝ եկեղեցին, կը հալածէր հոգեւորականութիւնն ու կը փակէր եկեղեցիներն ու հոգեւոր-մշակութային անոր ենթակայ կեդրոնները, զրկելու ժողովուրդը եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնէն, Սուրբ էջմիածինը եւ հայ եկեղեցին գոյատեւեց եւ մնաց իր ժողովուրդին հետ պայքարի պատնէշին վրայ:

Այսուհանդերձ, ճգնաժամերը եւ փորձութիւնները աւելի սերտ կապեցին եկեղեցին հայ ազգային կեանքին եւ հաստատեցին անոր դերը որպես գոյատեւման եւ ինքնութեան ամրոց։ Եկեղեցին մնաց պատնէշի վրայ միշտ, չլքեց իր ժողովուրդը, եղաւ անոր տիրութիւն ընող պահապան հրեշտակը: Հայ եկեղեցին կայ, այնքան ատեն որ կայ իր ժողովուրդը, որուն հոգեմտաւոր սնունդ հայթայթելու, եւ ի հարկին, ժողովուրդը պաշտպանելու տեսանելի եւ անտեսանելի վտանգներէ: Այսօրուան իրավիճակը Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի լաւագոյն ապացոյցն է այս ճշմարտութեան:

Շարունակելի

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ