ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Այսօրուան համաշխարհայնացած եւ արագ կերպով փոփոխուող աշխարհը նոր էջ մը բացած է մարդկութեան կեանքին մէջ։ Թուային յեղափոխութիւնը, արհեստա-գիտութեան անսանձ աճը եւ ընկերային ցանցերու համատարած ներկայութիւնը արմատապէս փոխեցին մեր հաղորդակցութեան ձեւերը, յարաբերութիւնները եւ ժառանգութեան փոխանցման միջոցները։ Այս փոփոխութիւններու սրտին մէջ կը գտնուին մեր երիտասարդները՝ եռանդոտ, ստեղծագործ եւ երբեմն ալ՝ ապակողմնորոշուած։
Բայց ինչպէ՞ս կրնայ մեր երիտասարդութիւնը պահել իր հաւատքը, երբ շուրջը կը թմբկահարուին շարունակական նորութիւններ, բացայայտումներ եւ արագ փոխուող արժէքներ։ Ինչպէ՞ս կարելի է արհեստագիտութիւնը դարձնել հոգեւոր աճի եւ մարդ-կային յարաբերութիւններու արդիւնաւէտ միջոց, եւ ոչ թէ վտանգ մը՝ անհատա-կանութեան, աղօթքին եւ ներքին խաղաղութեան համար։
Երիտասարդն ու հաւատքը՝ մարտահրաւէր եւ հնարաւորութիւն
Երիտասարդութիւնը բնութեան օրէնքով կը փնտռէ նորութիւն, խորութիւն եւ պարզ պատասխաններէն անդին գտնուող ճշմարտութիւն։ Երբեմն այս փնտռտուքը կը տանի անոր հեռու եկեղեցիէն, երբեմն ալ կը մօտեցնէ՝ որովհետեւ եկեղեցին է այն վայրը, ուր մարդը իր հարցադրումներուն համար կը դիմէ Աստուծոյ հետ խօսակցութեան համար։
Այս օրերուն, երբ անհամբերութիւնը եւ արագութիւնը դարձած են սովորական արժէքներ, հաւատքը կը յիշեցնէ երիտասարդին՝ դանդաղէ՛, մտածէ՛, լսէ եւ սիրտդ տո՛ւր Աստուծոյ։ Աղօթքը, եկեղեցական արարողութիւնները, պատարագը եւ համայնքային կեանքը երիտասարդին կը տրամադրեն այն խաղաղութիւնը, զոր ոչ մէկ յարմարութիւն, հեռախօս կամ արհեստագիտական միջոց կրնայ փոխարինել։
Արհեստագիտութիւնը՝ թշնամի՞, թէ գործիք
Շատեր կը կարծեն, որ արհեստագիտութիւնը կը հեռացնէ երիտասարդը հաւատքէն։ Բայց ճշմարտութիւնը այնքան ալ պարզ չէ։ Արհեստագիտութիւնը կրնայ ըլլալ բարեբեր հող, եթէ մենք՝ մեծերս, հոգեւոր սպասաւորներն ու կրթողները, ճիշդ ուղղութիւն տանք անոր։
- Ան կրնայ ծառայել հոգեւոր ուսուցման, քարոզներու եւ Աստուածաշնչային ճշմարտութիւններու տարածման եւ աղօթքի պահերու հաղորդումի։
- Ան կրնայ ստեղծել հաւաքական կապեր՝ աշխարհի տարբեր անկիւններու հայ երիտասարդները միացնելով։
- Ան կրնայ լուսաբանել, ներշնչել եւ տարածել հայ եկեղեցւոյ խօսքն ու պատգամը՝ ժողովուրդի եւ մասնաւորաբար՝ երիտասարդներու լայն շրջանակին մէջ։
Սակայն, արհեստագիտութիւնը կրնայ նաեւ ստեղծել կախուածութիւն, մեկուսացում եւ հոգեւոր դատարկութիւն, եթէ անտեղի, չափազանցուած եւ առանց հսկողութեան կիրառուի։ Ուստի եկեղեցին, ծնողները եւ ուսուցիչները կոչուած են առաջնորդելու երիտասարդները՝ հասկնալու արհեստագիտութեան առողջ սահմանները։
Եկեղեցւոյ դերը այսօր
Այս իրականութեան մէջ եկեղեցին ունի երկակի դեր՝
- Պահպանել աւանդութիւնը՝ փոխանցելով մեր հաւատքի խորունկ արմատները, աղօթքը, ծէսը, ընտանիքի եւ մեր ժողովուրդին արժէքները։
- Ընդունիլ ու առաջնորդել նորութիւնը՝ հասկնալով երիտասարդին լեզուն, հետաքրքրութիւնները եւ աշխարհահայեացքը։
Եկեղեցւոյ նպատակը չէ արգիլել, այլ՝ ուղղորդել։ Որպէս մայրը հաւաքականութեան, եկեղեցին պէտք է ըլլայ այն բաց դուռը, ուր երիտասարդը կը վերադառնայ իր ներքին խաղաղութիւնը վերագտնելու։ Իսկ հաւատքը պէտք է դառնայ յենասիւը, որ կը սորվեցնէ՝ ինչպէ՞ս կիրառել արհեստագիտութիւնը՝ բարին ստեղծելու, ոչ թէ կորսուելու։
Այսօրուան երիտասարդը ունի ներքին հսկայ ուժ, ստեղծագործ միտք եւ անսահման հնարաւորութիւններ։ Երբ հաւատքը կ’ուղղորդէ արհեստագիտութեան ուժը, կը ծնին նոր ուղիներ՝ ծառայութեան, միասնականութեան, եւ հոգեւոր աճի։Եկեղեցւոյ եւ ընտանիքին պարտքն է աջակցիլ երիտասարդին, որպէսզի ան չմարէ իր սրտին լոյսը՝ որքան ալ պայծառ ըլլան էկրաններուն լոյսերը։ Որովհետեւ միայն հաւատքով է, որ երիտասարդը կրնայ գտնել իր իսկական ինքնութիւնը, եւ միայն արհեստագիտութիւնը՝ ծառայութեան գործիք դարձնելով, ան կրնայ դառնալ մեր կեանքը լուսաւորող ճրագ մը։