Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալները Հայ Եկեղեցւոյ առաջին հիմնադիրներն են: Անոնք Հայաստանի «Առաջին Լուսաւորիչներ»ը կոչուեցան, քանի որ իրենց առաքելանուէր գործունէութեամբ, Տիրոջ խօսքերով լուսաւորեցին մարդոց մթագնած հոգիները: Ս. Թադէոս առաքեալ Յիսուսի տասներկու աշակերտներէն էր: Անոր, Հայաստանի տարածքին ունեցած գործունէութեան մասին առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ հայոց Սանատրուկ թագաւորի դստեր՝ Սանդուխտի նահատակութեան պատմութիւնը: Ս. Թադէոսի առաքելութիւնը կը սկսի Հիւսիսային Միջագետքի Եդեսիոյ քաղաքէն, ուր կ’իշխէր Աբգար թագաւորը: Աւանդութեան համաձայն, առաքեալը կը բժշկէ հիւանդ թագաւորը եւ կը քարոզէ Յիսուսի մասին: Մովսէս Խորէնացի պատմիչ կը վկայէ, որ Եդեսիոյ բնակիչներուն մեծ մասը, այդ թուին նաեւ Աբգար թագաւորը եւ պալատականներէն շատեր քրիստոնեայ կը դառնան:
Ս. Թադէոս առաքեալ Եդեսիայէն քարոզելով կը հասնի Վասպուրականի Արտազ գաւառը Շաւարշան գիւղաքաղաքը, որ հայոց թագաւորրի ամառանոցն էր: Ան համարձակութեամբ զինուած կը քարոզէ Քրիստոսի ուսուցումները: Իր քարոզներուն շնորհիւ քրիստոնեայ կը դառնան Սանդուխտ արքայադուստրը եւ ժողովրդային մեծ զանգուած մը:
Հայոց Սանատրուկ թագաւորը եւ իշխաններէն ոմանք կը մերժեն «Կենաց խօսք»ը եւ թշնամաբար կը տրամադրուին դարձի եկողներուն հետ եւ կը փորձեն արգելք հանդիսանալ քրիստոնէութեան տարածման: Ապա հալածանք կը սկսի նորադարձներուն դէմ: Թագաւորի հրամանով բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը բանտարկուին ու մահապատիժի կ’ենթարկուին: Թագաւորը չի խնայեր եւ մահուան կը դատապարտէ նույնիսկ իր դուստրը՝ Սանդուխտը: Որոշ ժամանակ ետք, կը ձերբակալուի նաեւ Ս. Թադէոս առաքեալ, սոսկալի տանջանքներէ ետք մահապատիժի կ’ենթարկուի նաեւ ինք:
Ս. Բարթողիմէոս նաեւ Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն էր: Աւազանի անունով «Նաթանաէլ», որ կը նշանակէ «Աստուածատուր»: Ս. Բարթողիմէոս կը կոչուի նաեւ «նախադաւան», որովհետեւ առաջին անձն էր, որ դաւանեցաւ Քրիստոսի Աստուածութիւնը: Մինչեւ Հայաստան գալը, Ս. Բարթողիմէոս քարոզած էր Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի մէջ: Ան Ս. Թադէոս առաքեալի գործունէութեան տարիներուն կը հասնի Հայաստան: Աւանդութեան համաձայն, դէպի Արտաշատ իր ուղեւորութեան ընթացքին, համանուն բլուրին վրայ, Օթեաց Խաչ կոչուած վայրին մէջ կը հանդիպի Ս. Թադէոսին եւ միասին այնտեղ գիշերելէ ետք կրկին կը բաժնուին իրարմէ:
Ս. Բարթողիմէոս, թէեւ կը շրջի Հայաստանի զանազան գաւառները, բայց անոր քարոզութեան հիմնական վայրը Սիւնիք նահանգը կը հանդիսանայ, ուր բազմաթիւ հայեր կ’ընդունին քրիստոնէութիւնը: Ան Գողթն գաւառին մէջ կը կառուցէ եկեղեցի մը եւ կը հիմնէ եպիսկոպոսական աթոռ, ուր եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ իր աշակերտներէն Կումսիին:
Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներէն ետք Ս. Բարթողիմէոս վերջապէս կը հասնի Վասպուրականի Աղբակ գաւառը, ուր կը սկսի իր սրբանուէր գործունէութեան: Շնորհիւ իր քարոզներուն, քրիստոնեայ կը դառնան Սանատրուկ թագաւորին քոյրը՝ Ոգուհին, ինչպէս նաեւ Տէրէնտիոս հազարապետը: Արքայի հրամանով կը ձերբակալուին առաքեալը, արքային քոյրը՝ Ոգուհին եւ հազարապետ Տէրէնտիոսը ու կը բերուին արքունի ատեան: Երկարատեւ տանջանքներէ ետք Սանատրուկի հրամանով կը նահատակուին:
Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու նահատակութենէն ետք, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հալածանքները չկրցան կասեցնել քրիստոնէութեան տարածումը:
Հայ Եկեղեցին ամէն տարի դեկտեմբեր ամսուան սկիզբը կ’ոգեկոչէ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի յիշատակը:
Սուրբ առաքեալներու աստուածպաշտութեան խորհուրդով եւ աստուածգիտութեան լոյսով, պայծառացնենք մեր հայու հոգին եւ հաւատքը, փարատելու համար մեր հոգիներու եւ մտքերու խաւարը:
Համադրեց՝
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան